«Արցախփրես» կը հաղորդէ, թէ 10 Սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցած է հանդիպում՝ Արցախի եւ Պելճիքայի խորհրդարանականներուն միջեւ:
Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, ողջունելով պելճիքացի խորհրդարանականները, ընդգծած է, որ Արցախի մէջ բարձր կը գնահատեն օրինակելի արժեհամակարգ ունեցող երկիրներու պետական կառոյցներու, մասնաւորաբար երեսփոխաններուն հետ կապերու յարաբերութիւնները:
Խորհրդարանի ղեկավարը նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան համար` նկատի ունենալով միջազգային խորհրդարանական ձեւաչափով հոլովոյթներուն մէջ ներգրաւուած չըլլալու հանգամանքը, նման կապեր շատ կարեւոր են հաստատութենականութեան կատարելագործման եւ ժողովրդավարութեան զարգացման իմաստով: Պելճիքական խորհրդարանական պատուիրակութեան ղեկավար Ժիւլի տը Կրոթ կարեւոր նկատած է իրենց Արցախ այցելութիւնը` լիարժէք տեղեկութիւններ ստանալու եւ պաշտօնակիցներու հետ յարաբերութիւններու զարգացման հաւանական տարբերակ գտնելու պարունակին մէջ: Այնուհետեւ տեղի ունեցած է կարծիքներու փոխանակում, որուն ընթացքին հիւրերը հետաքրքրուած են Արցախի մէջ ժողովըրդավարական հոլովոյթներու, Ե.Ա.Հ.Կ.ի Մինսքի Խմբակի հովանիին տակ կատարուող բանակցութիւններու ընթացքին եւ շարք մը այլ հարցերու վերաբերեալ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած քաղաքական կուսակցութեանց ունեցած դիրքորոշումներով:
Հանդիպումին մասնակցած են Ազգային Ժողովի փոխ-նախագահ Վահրամ Բալայեան, արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Արզիկ Մխիթարեան եւ խորհրդարանական խմբակցութիւններու ղեկավարները: Պելճիքայի երեսփոխանական պատուիրակութեան Արցախի մէջ ընկերակցած է Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան: