Սեպտեմբեր 18-20ին «Yerevan Expo» ցուցահանդէսներու համալիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ միջազգային 15րդ առեւտրական-արդիւնաբերական ցուցահանդէս-ֆորումը: «Armenia Expo 2015» կը հանդիսանայ մեծ նախաձեռնութիւն ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ ամբողջ տարածաշրջանին մէջ: Անիկա մէկ յարկի տակ պիտի հաւաքէ տնտեսութեան տարբեր ճիւղերը ներկայացնող հարիւրէ աւելի կազմակերպութիւններ, որոնք պիտի ցուցադրեն տարբեր ապրանքներ եւ ծառայութիւններ: Արտասահմանեան կազմակերպութիւններու հետաքրքրութիւնը կը մեծնայ Հայաստանի տնտեսութեան տարբեր ոլորտներու նկատմամբ, իսկ այս ցուցահանդէսը լաւ առիթ է նոր գործարար կապեր հաստատելու համար:
Հանդիսանալով տարուան ամփոփիչ եւ կարեւորագոյն ցուցահանդէսը` «Armenia Expo 2015» աննախադէպ է թէ՛ իր ընդգրկման ծաւալներով, թէ՛ աշխարհագրութեամբ, որ անշուշտ իր դրական ազդեցութիւնը պիտի գործէ Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման աճի եւ միջազգային կապերու ամրապնդման գործընթացին վրայ: