Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 9 Սեպտեմբերին ընդունած է բարերար Արթուր Վարժապետեանը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հանրապետութեան մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման առնչուող հարցեր:
Այնուհետեւ նախագահ Սահակեան եւ Արթուր Վարժապետեան Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ մասնակցած են Լեռնային Ղարաբաղի շարք մը պետական կառոյցներու նուիրուած ինքնաշարժներ յանձնելու հանդիսաւոր արարողութեան:
Բակօ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է Արթուր Վարժապետեանին՝ մնայուն կերպով Արցախին սատարելուն համար՝ նշելով, որ ատիկա ընդօրինակման արժանի հայրենանուէր գործունէութիւն է:
Նախաձեռնութեան ներկայ եղած են Արցախի Հայոց Թեմի առաջնորդ Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան, Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր: