1 ­Յու­նո­ւա­րէն լե­հա­կան LOT օ­դա­նա­ւա­յին ըն­կե­րու­թիւ­նը պի­տի վերսկ­սի ի­րա­կա­նաց­նել ­Վար­շա­ւա-Ե­րե­ւան-­Վար­շա­ւա թռիչք­նե­րը՝ շա­բա­թը ե­րեք ան­գամ։ Օ­դա­նա­ւը ­Վար­շա­ւա­յէն ­Հա­յաս­տան պի­տի գայ ա­մէն Եր­կու­շաբ­թի, ­Չո­րեք­շաբ­թի եւ Ուր­բաթ օ­րե­րը, Ե­րե­ւա­նէն պի­տի մեկ­նի Ե­րեք­շաբ­թի, ­Հինգ­շաբ­թի եւ ­Շա­բաթ օ­րե­րը:

Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յա­ցած է այն մա­սին, որ ամ­րան շրջա­նին թռիչք­նե­րուն թի­ւը ա­ւե­լի ըլ­լայ։ ­Յի­շեց­նենք, որ թռիչք­նե­րու վե­րա­կազ­մա­ւոր­ման պատ­ճա­ռով, LOT 1 ­Յու­լի­սէն դադ­րե­ցու­ցած էր դէ­պի Ե­րե­ւան թռիչք­նե­րը։