­Նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նին ե­րէկ իր հա­ւա­տար­մա­գիր­նե­րը յանձ­նած է ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մօտ ­Ֆի­լի­փեան Կղ­զի­նե­րու նո­րան­շա­նակ ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան ­Քար­լոս Դ. ­Սոր­րե­տա (նստա­վայ­րը` ­Մոս­կո­ւա):

­Նա­խա­գա­հը շնոր­հա­ւո­րած է դես­պա­նը նշա­նակ­ման ա­ռի­թով եւ յոյս յայտ­նած, որ պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան ըն­թաց­քին ան իր փորձն ու կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը ամ­բող­ջու­թեամբ պի­տի ներդ­նէ ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Ֆի­լի­փեան Կղ­զի­նե­րուն մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման եւ եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու բա­րե­կա­մու­թեան ամ­րապնդ­ման գոր­ծին մէջ:

­Նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան ընդգ­ծած է, որ ­Հա­յաս­տան շա­հագրգ­ռո­ւած է աշ­խու­ժաց­նե­լու ­Ֆի­լի­փեան Կղ­զի­նե­րուն հետ քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թիւ­նը, սեր­տաց­նե­լու կա­պե­րը միջ-խորհր­դա­րա­նա­կան եւ միջ-կա­ռա­վա­րա­կան մա­կար­դակ­նե­րու վրայ, զար­գաց­նե­լու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը տնտե­սա­կան, մշա­կու­թա­յին, գի­տակր­թա­կան եւ այլ մար­զե­րու մէջ:

­Տար­բեր մար­զե­րու մէջ փո­խա­դարձ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը խթա­նե­լու հա­մար նա­խա­գա­հը կա­րե­ւոր նկա­տած է երկ­կող­մա­նի յա­ճա­խա­կի յա­րա­բե­րու­թիւն­ներն ու փո­խա­դարձ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք, ըստ ա­նոր, կ­՛օգ­նեն ճանչ­նա­լու փո­խա­դարձ շա­հերն ու հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ կը նպաս­տեն մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու մէջ զի­րար օգ­տա­կար ըլ­լա­լու հա­մար հա­մա­պա­տաս­խան դիր­քո­րո­շում­նե­րու ձե­ւա­ւոր­ման:

­Դես­պան ­Սոր­րե­տա վստա­հե­ցու­ցած է, որ ա­ռա­ւե­լա­գոյն ջանք պի­տի ներդ­նէ հայ-ֆի­լի­փեան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը զար­գաց­նե­լու հա­մար եւ տե­ղե­կա­ցու­ցած է ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հին, որ ար­դէն իսկ այդ նպա­տա­կով հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցած է ­Հա­յաս­տա­նի մէջ` այս ըն­թաց­քին կեդ­րո­նաց­նե­լով աշ­խա­տան­քը հա­ւա­նա­կան երկ­կող­մա­նի հա­մա­ձայ­նա­գիր­նե­րու մշակ­ման ուղ­ղու­թեամբ:

­Նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան յա­ջո­ղու­թիւն­ներ մաղ­թած է դես­պա­նին` ­Հա­յաս­տա­նի մէջ դի­ւա­նա­գի­տա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն կա­տա­րե­լու հա­մար: