Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող Քոպանի քաղաքին մէջ «Իսլամական Պետութեան» գրոհայիններու ջարդէն փրկուած եւ Սեպտեմբեր 2ին Հ.Հ. սփիւռքի նախարարութեան անմիջական նախաձեռնութեամբ ու աջակցութեամբ Հայաստան տեղափոխուած Թովմասեաններու ընտանիքի 17 անդամները հանգրուանեցան Հայրենիքի մէջ:
Մտնելով Քոպանի` ԻՊի գրոհայինները սպաննած են քնացած գիւղացիները, այրած տուներ ու մարդիկ: 43ամեայ Յովսէփ Թովմասեանին սպաննած են 13ամեայ որդիին աչքին առջեւ: Թովմասեաններու գերդաստանի մնացած անդամները (Թովմասեան 4 եղբայրներու ընտանիքները, մէջը ըլլալով` 11 երեխայ) հրաշքով կրցած են փրկուիլ եւ հասնիլ սահման: Թուրք սահմանապահները ընտանիքին թոյլ տուած են մտնել Թուրքիա եւ տեղաւորուիլ Սուրուճի դպրոցի շէնքին մէջ, ուր ընտանիքը բազում դժուարութիւններով ապրած է 3 ամիս:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի յանձնարարութեամբ նախարարութեան համապատասխան ստորաբաժանումներու աշխատակիցները, շահագրգիռ կառոյցներու հետ (Մ.Ա.Կ. ՓԳՀ, «Հայկական Կարմիր խաչի ընկերութիւն», «Առաքելութիւն Հայաստան» Հ.Կ., «Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական Հ.Կ., «Օքսֆամ»ի հայաստանեան մասնաճիւղ) քննարկած են ընտանիքի Հայաստան տեղափոխուելու տարբերակները, Թովմասեաններուն կացարանով ապահովելու եւ այլ անհրաժեշտ աջակցութիւն տրամադրելու հարցերը:
Ա.Մ.Ն.ի մէջ Հ.Հ. սփիւռքի նախարարի խորհրդական Րաֆֆի Արտհալճեանի ֆինանսաւորմամբ լուծուած են Թովմասեաններու ընտանիքի Հայաստան տեղափոխուելու ծախսերը:
Ընտանիքին Զուարթնոց օդակայանին մէջ դիմաւորած են Սփիւռքի նախարարութեան Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարչութեան պետ Լեւոն Անտոնեան, «Հայկական Կարմիր Խաչի ընկերութիւն», «Առաքելութիւն Հայաստան» Բ.Հ.Կ., «Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական Հ.Կ. եւ մամլոյ ներկայացուցիչներ: Թովմասեաններու ընտանիքը տեղաւորուած է մայրաքաղաքի Սիլիկեան թաղամասին մէջ` յատուկ իրենց համար առանձնացուած յարմարաւէտ կացարանի մէջ:
Հ.Հ. սփիւռքի նախարարութիւնը, այլ կառոյցներու հետ համագործակցելով, ձեռնամուխ եղած է 17 հոգիէ բաղկացած Թովմասեաններու գերդաստանի կեցութեան խնդիրներու լուծման: