­8 ­Սեպ­տեմ­բե­րին, ­Փա­րի­զի մէջ, Հ. Հ. ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Է­դուարդ ­Նալ­բան­դեան` Ֆ­րան­սա­յի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Լո­րան ­Ֆա­պիւ­սի հրա­ւէ­րով, մաս­նակ­ցե­ցաւ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի կրօ­նա­կան եւ ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն դէմ բռնու­թիւն­նե­րու կան­խար­գիլ­ման նո­ւի­րո­ւած մի­ջազ­գա­յին խորհր­դա­ժո­ղո­վին, ո­ րուն ներ­կայ էին մօտ վեց տաս­նեակ պե­տու­թիւն­նե­րու բարձ­րաս­տի­ճան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­ներ` ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­ներ, մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­ներ, բարձ­րաս­տի­ճան հո­գե­ւո­րա­կան­ներ, Մ.Ա.Կ.ի Ընդ­հա­նուր ­Քար­տու­ղա­րի տե­ղա­կալ Եան Է­լիա­սոն, Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ անվ­տան­գու­թեան հար­ցե­րով ­Բարձր ­Յանձ­նա­կա­տար ­Ֆե­տե­րի­քա ­Մո­կե­րի­նի:

­Խորհր­դա­ժո­ղո­վին բա­ցու­մը կա­տա­րեց Ֆ­րան­սա­յի նա­խա­գահ Ֆ­րան­սո­ւա ­Հոլ­լանտ, որ կա­րե­ւոր նկա­տեց մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան առ­ջեւ ծա­ռա­ցած ա­մէ­նէն սուր խնդիր­նե­րէն մէ­կուն վե­րա­բե­րեալ մի­ջազ­գա­յին խորհր­դա­ժո­ղո­վի հրա­ւէ­րը եւ ընդգ­ծեց, որ ի­րա­վի­ճա­կը կը պա­հան­ջէ հրա­տապ ար­ձա­գանգ, քայ­լեր` ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու գո­յու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար: Ֆ­րան­սա­յի եւ ­Յոր­դա­նա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու նա­խա­գա­հու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցած այս հա­մա­ժո­ղո­վին, ե­լոյթ ու­նե­ցաւ նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Է­դո­ւարդ ­Նալ­բան­դեան:

Իր խօս­քին մէջ նա­խա­րար ­Նալ­բան­դեան ը­սաւ.-

«­Հա­յաս­տա­նը խո­րա­պէս մտա­հոգուած է մեր ան­մի­ջա­կան դրաց­նու­թեամբ` ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քին մէջ, ծա­ւա­լող ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րով: ­Մենք բազ­միցս խստօ­րէն դա­տա­պար­տած ենք այս­պէս կո­չո­ւած «ՏԱՀԵՇ» եւ ա­հա­բեկ­չա­կան այլ խում­բե­րու կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող ոճ­րա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք սպառ­նա­լիք կը հան­դի­սա­նան ինչ­պէս շրջա­նի ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն հա­մար, այն­պէս ալ` ա­նոր սահ­ման­նե­րէն դուրս:

«­Հայ ժո­ղո­վուր­դը դա­րեր շա­րու­նակ կազ­մած է ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մշա­կու­թա­յին բազ­մա­զա­նու­թեան ու­րոյն մաս­նիկ­նե­րէն մէ­կը: ­Մենք ե­րախ­տա­պարտ ենք այս շրջա­նի ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն, ո­րոնք մէկ դար ա­ռաջ ա­պաս­տան տո­ւին ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն փրկո­ւած հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն: Այժմ, երբ վտան­գո­ւած է շրջա­նի ժո­ղո­վուրդ­նե­րու կեան­քը եւ ազ­գա­յին ու կրօ­նա­կան հա­մայնք­նե­րու գո­յու­թիւ­նը, մենք մեր բա­րո­յա­կան պարտ­քը կը նկա­տենք կանգ­նիլ ա­նոնց կող­քին:

«Այս բռնու­թիւն­նե­րէն ան­մասն չեն մնա­ցած նաեւ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը, ո­րոնց­մէ շա­տե­րը ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կում­նե­րու զոհ դար­ձած են, քան­դո­ւած են հայ­կա­կան բնա­կա­վայ­րեր, ե­կե­ղե­ցի­ներ, մշա­կու­թա­յին ու կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­ներ: Ինչ­պէս հա­րիւր տա­րի ա­ռաջ, տաս­նեակ հա­զա­րա­ւոր հա­յեր` ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի այլ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հետ միա­սին, այ­սօր եւս ստի­պո­ւած բռնած են գաղ­թի ճամ­բան: ­Միայն ­Սու­րիա­յէն շուրջ 15 հա­զար հա­յեր ա­պաս­տա­նած են ­Հա­յաս­տան:

«­Տի­կին­նե՛ր եւ պա­րոն­նե՛ր,

«­Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի ա­հա­բեկ­չա­կան ու­ժե­րուն կող­մէ հա­լա­ծո­ւող ազ­գա­յին եւ կրօ­նա­կան խում­բե­րու պաշտ­պա­նու­թիւ­նը կը պա­հան­ջէ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու հա­մադ­րում եւ հա­մա­կող­մա­նի ա­ջակ­ցու­թիւն, ա­նոնց շար­քին` մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեան տրա­մադ­րում, ինչ­պէս գաղ­թա­կան­նե­րուն, այն­պէս ալ` այն վտան­գո­ւած հա­մայնք­նե­րուն, ո­րոնք ա­հա­բե­կիչ­նե­րու թի­րախ դար­ձած են: ­Մի­ջազ­գա­յին ա­ջակ­ցու­թիւ­նը պէտք չէ տա­րան­ջա­տո­ւի ա­ռաջ­նա­յին եւ երկ­րոր­դա­կան ուղ­ղու­թիւն­նե­րու եւ պէտք է տրա­մադ­րո­ւի բո­լոր տու­ժած­նե­րուն:

«­Պա­տա­հա­կան չէ, որ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րը պա­տե­րազմ կը վա­րեն այս շրջա­նի ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան դէմ: ­Պատ­մու­թեան եւ հա­ւա­քա­կան յի­շո­ղու­թեան մի­ջո­ցով սե­րունդ­նե­րուն կը փո­խան­ցուին այդ հա­մա­մարդ­կա­յին ար­ժէք­նե­րը, ո­րոնց վրայ կը խարս­խո­ւի քա­ղա­քակըր­թու­թիւ­նը, հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թիւ­նը, հա­մա­կե­ցու­թիւ­նը, յար­գան­քը այ­լոց մշա­կոյ­թին եւ կրօ­նին նկատ­մամբ: Ար­ժէք­ներ, ո­րոնք կը հա­կադ­րո­ւին ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն քա­րո­զած այ­լա­տեա­ցու­թեան եւ խտրա­կա­նու­թեան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւն­նե­րուն: ­Բազ­մա­թիւ իս­լա­մա­կան սրբա­վայ­րե­րու, հնա­մեայ ­Փալ­մի­րի եւ ­Նեմ­րու­տի մշա­կու­թա­յին կո­թող­նե­րուն քան­դու­մը, ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու մա­սունք­նե­րը ամ­փո­փող ­Տէր ­Զօ­րի Սր­բոց ­Նա­հա­տա­կաց ե­կե­ղեց­ւոյ ա­կա­նա­հա­րու­մը եւ նմա­նօ­րի­նակ այլ վայ­րա­գու­թիւն­ներ քա­ղա­քակր­թու­թեան դէմ գոր­ծո­ւած յան­ցանք­ներ են:

«Ան­յա­պաղ կեր­պով պէտք է մշա­կո­ւին մե­քա­նիզմ­ներ` զրկե­լու հա­մար ա­հա­բե­կիչ­նե­րը մի­ջոց­նե­րէ, նիւ­թա­կան աղ­բիւր­նե­րէ, խո­չըն­դո­տե­լով օ­տա­րերկ­րեայ ա­հա­բե­կիչ­նե­րու ներ­հոս­քը` թոյլ չտալ դրա­ցի եր­կիր­նե­րու տա­րածք­նե­րու օգ­տա­գոր­ծու­մը անդր-սահ­մա­նա­յին յար­ձա­կում­նե­րու հա­մար: ­Մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քը պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն սահ­մա­նած է ոչ միայն մարդ­կու­թեան դէմ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու ի­րա­գործ­ման, այ­լեւ` յան­ցակ­ցու­թեան հա­մար, եւ այս ի­րո­ղու­թիւ­նը եր­բե­ւէ պէտք չէ մոռ­նան ա­նոնք, ո­րոնք ժխտում եւ ար­դա­րա­ցում­ներ կը փնտռեն ան­ցեա­լի ոճ­րա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն հա­մար եւ կը խրա­խու­սեն ներ­կա­յի բռնու­թիւն­նե­րը:

«Շր­ջա­նի ազ­գա­յին եւ կրօ­նա­կան հա­մայնք­նե­րուն դէմ ծա­ռա­ցած վտան­գը զուտ ֆի­զի­քա­կան չէ, ա­նի­կա նաեւ քա­ղա­քակր­թա­կան մար­տահ­րա­ւէր է: ­Թէ որ­քա­նո՛վ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը պի­տի կա­րե­նայ հա­մախմ­բո­ւիլ եւ միաս­նա­կան ու­ժե­րով պայ­քա­րիլ այս չա­րի­քին դէմ, կը նա­խան­շէ, թէ որ­քա­նո՛վ պատ­րաստ է պաշտ­պա­նե­լու իր իսկ քա­ղա­քակր­թա­կան ար­ժէք­նե­րը»: