Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան 8 Սեպ­տեմ­բե­րին Կ­րոտ­նո­յի մէջ (­Պիե­լո­ռու­սիա) մաս­նակ­ցած է Եւ­րա­սիա­կան Տն­տե­սա­կան Միու­թեան միջ-կա­ռա­վա­րա­կան խոր­հուր­դի նիս­տին: Վար­չա­պե­տին գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թեան մաս կը կազ­մէին Հա­յաս­տա­նի փոխ-վար­չա­ պետ, մի­ջազ­գա­յին տնտե­սա­կան հա­մարկ­ման եւ բա­րե­փո­խում­նե­րու նա­խա­րար Վա­չէ Գաբ­րիէ­լեան, փոխ-նա­խա­րար Սու­րէն Կա­րա­յեան եւ Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Շա­ւարշ Քո­չա­րեան:

Եւ­րա­սիա­կան Տն­տե­սա­կան Միու­թեան ան­դամ պե­տու­թիւն­նե­րու վար­չա­պետ­նե­րը քննար­կած են հա­մարկ­ման փոխ-գոր­ծակ­ցու­թեան առն­չո­ւող բազ­մա­թիւ հար­ցեր: Կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը հիմ­նա­կա­նին մէջ քննար­կած են Եւ­րա­սիա­կան Տն­տե­սա­կան Միու­թեան ծի­րին մէջ ար­դիւ­նա­բե­րա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հիմ­նա­կան ուղ­ղու­թիւն­նե­րուն, մեծ տնտե­սա­կան եւ ֆի­նան­սա­կան կա­յու­նու­թեան ա­պա­հով­ման, ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու միաս­նա­կան շու­կա­յի ձե­ւա­ւոր­ման, ար­տա­սահ­մա­նեան եր­կիր­նե­րու եւ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման վե­րա­բե­րող հար­ցեր:

Անդ­րա­դառ­նա­լով օ­րա­կար­գա­յին հար­ցե­րուն` Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան իր խօս­քին մէջ նշած է, թէ հայ­կա­կան կող­մը կ’ա­ջակ­ցի ըն­դուն­ման նիս­տի օ­րա­կար­գին վրայ նե­րա­ռո­ւած եւ հա­մա­ձայ­նե­ցո­ւած փաս­տա­թուղ­թե­րու նա­խա­գի­ծե­րուն, ո­րոնք կ­՛ընդգր­կեն Եւ­րա­սիա­կան Տն­տե­սա­կան Միու­թեան շրջա­նակ­նե­րուն մէջ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան տար­բեր մար­զեր: Վար­չա­պե­տը նշած է, որ Հա­յաս­տան կա­րե­ւոր կը նկա­տէ այն քայ­լե­րը, ո­րոնք ուղ­ղո­ւած են ար­դիւ­նա­բե­րա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ընդ­լայն­ման եւ խո­րաց­ման` Եւ­րա­սիա­կան Տն­տե­սա­կան Միու­թեան ծի­րին մէջ: Այս պա­րու­նա­կին մէջ ընդգ­ծե­լով Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հա­րուստ փոր­ձա­ռու­թիւնն ու մաս­նա­գի­տա­ցու­մը` Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պե­տը նշած է հայ­կա­կան կող­մին պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը Եւ­րա­սիա­կան Ճար­տա­րա­գի­տա­կան Կեդ­րո­նին հա­մար հար­թակ տրա­մադ­րե­լու հար­ցին մէջ: Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան նաեւ կա­րե­ւոր նկա­տած է մեծ տնտե­սա­կան եւ դրա­մա­վար­կա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ի­րա­կա­նաց­ման գծով փոխ-հա­մա­ձայ­նե­ցո­ւած փոր­ձա­ռու­թեանց փո­խա­նա­կու­մը:

Եւ­րա­սիա­կան Տն­տե­սա­կան Միու­թեան միջ-կա­ռա­վա­րա­կան խոր­հուր­դի նիս­տին, Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պե­տին ա­ռա­ջար­կով ո­րո­շո­ւած է յա­ջորդ նիս­տը գու­մա­րել Հա­յաս­տա­նի մէջ:

Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան Ա­ռա­ջար­կած Է Հ­րա­ժա­րիլ Տո­լա­րէն

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան Եւ­րա­սիա­կան Տն­տե­սա­կան Միու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րուն ա­ռա­ջար­կած է ռազ­մա­վա­րա­կան ապ­րանք­նե­րու ա­ռեւ­տու­րը կա­տա­րել ռուբ­լիով` հրա­ժա­րե­լով տո­լա­րի կա­խո­ւա­ծու­թե­նէն: Այս մա­սին ան յայ­տա­րա­րած է պիե­լո­ռու­սա­կան Կ­րոտ­նօ քա­ղա­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Եւ­րա­սիա­կան Տն­տե­սա­կան Միու­թեան եր­կիր­նե­րու վար­չա­պետ­նե­րու հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին,- կը յայտ­նէ ԹԱՍՍ լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը: «Եւ­րա­սիա­կան Տն­տե­սա­կան Միու­թեան մէջ անհ­րա­ժեշտ է քայ­լե­րու ձեռ­նար­կել ազ­գա­յին դրա­մա­նի­շով կա­տա­րո­ւող փո­խա­դարձ հա­շո­ւարկ­նե­րը ար­դիւ­նա­ւէտ դարձ­նե­լու եւ տո­լա­րա­ցու­մը կրճա­տե­լու ուղ­ղու­թեամբ: Ար­դիա­կան է նաեւ հա­մա­ձայ­նե­ցո­ւած մաք­րոտն­տե­սա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ի­րա­կա­նաց­ման հար­ցին մէջ փոր­ձի փո­խա­նա­կու­մը: Այս ծի­րին մէջ կա­րե­ւոր է ռազ­մա­վա­րա­կան ապ­րանք­նե­րու փո­խա­դարձ ա­ռեւ­տու­րը, ա­ռանց տո­լա­րին կա­պո­ւա­ծու­թեան, ռուբ­լիով կա­տա­րե­լու գա­ղա­փա­րը»,- ը­սած է Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պե­տը: