Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Պելճիքայի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը 8 Սեպտեմբերին, Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի նախագահի տեղակալ Շիրակ Թորոսեանի ընկերակցութեամբ, այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր: Ե րեսփոխանները ծաղիկներ զետեղած են 1915ի Մեծ Եղեռնի յուշարձանի անմար կրակին շուրջ եւ լռութեամբ ու խոնարհումով յարգած են սուրբ նահատակներուն յիշատակը:
Պատուիրակութեան անդամները Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ ծանօթացած են հայոց մեծ ողբերգութեան վերաբերող փաստաթուղթերուն եւ ցուցանմոյշներուն, արձանագրած են յուշամատեանին մէջ: Պրիւքսէլի Ֆրանսախօս խորհրդարանականներու ղեկավար Ժիւլի տը Կրոթ նշած է, որ իրենք յառաջիկային՝ այցելելով Լեռնային Ղարաբաղ,՝ որոշ առաքելութիւն ունին իրականացնելիք:
«Մենք միացեալ ուժերով պէտք է որոշ խնդիրներու լուծումներ գտնենք»,- ըսած է ան։