Ս­տե­փա­նա­կեր­տի «­Սօ­սէ» ման­կա­պար­տէ­զի շէն­քը, ուր կը յա­ճա­խէ 95 ե­րե­խայ եւ որ ու­նի 17 աշ­խա­տող, կա­ռու­ցո­ւած է 1953 թո­ւա­կա­նին: ­Շէն­քը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն կը գտնո­ւէր թէ՛ երկ­րա­շար­ժա­կան, թէ՛ ա­ռող­ջա­պա­հա­կան ա­ռու­մով անմ­խի­թար վի­ճա­կի մէջ: 2014ի Ապ­րի­լին Լ.Ղ.Հ. Երկ­րա­շար­ժա­կան ծա­ռա­յու­թիւ­նը շէն­քը գնա­հա­տած է որ­պէս վթա­րա­յին եւ ման­կա­պար­տէ­զը փա­կե­լու պա­հանջ ներ­կա­յա­ցու­ցած: Այ­սօր շէն­քը հիմ­նո­վին քան­դո­ւած է, եւ շատ ստե­փա­նա­կերտ­ցի­նե­րու կը յու­զէ այն հար­ցը, թէ ար­դեօք ի՞նչ ճա­կա­տա­գիր պի­տի ու­նե­նայ սի­րո­ւած ման­կա­պար­տէ­զը:

Այս հար­ցին պա­տաս­խա­նը փոր­ձե­ցինք գտնել` զրու­ցե­լով Հ.Օ.Մ.ի Ար­ցա­խի մե­կու­սի մաս­նա­ճիւ­ղի ա­տե­նա­պե­տու­հի Ար­մի­նէ ­Յա­րու­թիւ­նեա­նի հետ:

­Տի­կին ­Յա­րու­թիւ­նեան, ի՞նչ ակն­կա­լիք­ներ ու ծրա­գիր­ներ կան ման­կա­պար­տէ­զի շէն­քի հետ կա­պո­ւած:

Ու­րա­խաց­նեմ ու յայ­տա­րա­րեմ սպա­սող­նե­րուն, ո­րոնք մտա­հո­գո­ւած են ման­կա­պար­տէ­զի քանդ­ման հար­ցով` ­Հոկ­տեմ­բեր 1էն ման­կա­պար­տէ­զը պի­տի գոր­ծէ ժա­մա­նա­կա­ւոր տե­ղա­կայուած վայ­րի` նախ­կին 6րդ դպ­րո­ցի մաս­նա­շէն­քե­րէն մէ­կուն մէջ: Ար­ցա­խի մէջ Հ.Օ.Մ.ի բազ­մա­թիւ յա­ջո­ղած ծրա­գիր­նե­րէն մէ­կը «­Սօ­սէ» ման­կա­պար­տէզ­նե­րու ծրա­գիրն է: Այ­սօր Ար­ցա­խի մէջ կը գոր­ծեն Հ.Օ.Մ.ի 8 ման­կա­պար­տէզ­ներ: Ս­տե­փա­նա­կերտ քա­ղա­քին մէջ մա­ն­կա­պար­տէ­զը կը գոր­ծէ 1998էն:

Ու­րա­խու­թեամբ կը տե­ղե­կաց­նեմ նաեւ, որ 2015ին Հ.Օ.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թիւ­նը Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մէջ նոր մա­նա­կա­պար­տէ­զի մը շի­նա­րա­րու­թեան նպա­տա­կով կեան­քի կո­չած է յանձ­նա­խումբ մը, ո­րուն ան­մի­ջա­պէս դրա­կան ար­ձա­գան­գած է Լ.Ղ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը եւ իր պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը յայտ­նած է միաս­նա­բար այդ ծրա­գի­րը կեան­քի կո­չե­լու հա­մար: Հ.Օ.Մ.ի կա­ռոյ­ցը կը հա­մա­գոր­ծակ­ցի Լ.Ղ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թեան եւ Ս­տե­փա­նա­կեր­տի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին հետ, ինչ որ կը բխի մեր քա­ղա­քա­ցի­նե­րու շա­հե­րէն:

­Ման­կա­պար­տէ­զը այդ տա­րած­քին մէջ պի­տի գոր­ծէ ա­ռա­ւե­լա­գոյնս 2 տա­րի: Ի­րա­վի­ճա­կի բե­րու­մով Ար­ցախ այ­ցե­լած հա­զա­րա­ւոր Հ.Օ.Մ.ու­հի­ներ, թէ՛ ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թե­նէն, թէ՛ ա­ռան­ձին Հ.Օ.Մ.ու­հի բա­րե­րար­ներ, միշտ այ­ցե­լած են Ս­տե­փա­նա­կեր­տի ման­կա­պար­տէզ եւ ի­րենց ան­կեղծ ցան­կու­թիւ­նը յայտ­նած են ար­դիա­կան պա­հանջ­նե­րով յա­գե­ցած ման­կա­պար­տէ­զի շէնք մը կա­ռու­ցե­լուն: ­Նո­րա­կա­ռոյց ման­կա­պար­տէ­զի շէն­քի նա­խա­հա­շի­ւը կը կազ­մէ մօ­տա­ւո­րա­պէս 900.000 տո­լար, ո­րուն մօտ 750.000 տո­լա­րը կը նա­խա­տե­սո­ւի շի­նա­րա­րու­թեան ծախ­սե­րուն հա­մար:

Այս պա­հուն Հ.Օ.Մ.ի տար­բեր կա­ռոյց­ներ Ա.Մ.Ն.ի, ­Գա­նա­տա­յի եւ ա­մէ­նուր նա­խա­ձեռ­նած են դրա­մա­հա­ւա­քի` շի­նա­րա­րու­թիւ­նը ա­րագ ա­ւար­տե­լու նպա­տա­կով:

Ար­ցա­խի մե­կու­սի կա­ռոյ­ցը ան­մասն պի­տի չմնայ եւ նպա­տակ ու­նի նա­խա­ձեռ­նե­լու տար­բեր դրա­մա­հա­ւա­քի ձեռ­նարկ­նե­րու` իր ար­տա­յայ­տո­ւած մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լու հա­մար:

Որ­քա՞ն կը կազ­մէ այդ ար­տա­յայտուած մաս­նակ­ցու­թեան չա­փը:

Ի հար­կէ, որ­քան շատ` այն­քան լաւ, բայց ոչ-պա­կաս քան 100.000 տո­լա­րի հա­մար­ժէք դրամ: Օգ­տո­ւե­լով ա­ռի­թէն` կոչ կ­՛ը­նեմ «Ա­պա­ռաժ» թեր­թի ըն­թեր­ցող­նե­րուն ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լու այս ծրագ­րի կեան­քի կոչ­ման հա­մար: ­Ցան­կա­ցող­նե­րը գու­մա­րը կրնան փո­խան­ցել յա­տուկ բա­ցո­ւած դրա­մատ­նա­յին հա­շո­ւին.- / 1570022424910100 /AMD/ 1570022424910101 /USD/:

Հ.Օ.Մ.ը ստեղ­ծո­ւած է 1910ին Ա.Մ.Ն.ի մէջ՝ ջարդ ու ցե­ղաս­պա­նու­թիւն տե­սած հայ կա­նանց եւ մայ­րե­րուն ա­ջակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լու նպա­տա­կով եւ կը գոր­ծէ աշ­խար­հի 26 եր­կիր­նե­րու մէջ, իսկ Ար­ցա­խի մէջ կը գոր­ծէ 1992 թո­ւա­կա­նէն ի վեր: 1998 թո­ւա­կա­նի Ապ­րի­լին Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մէջ բա­ցո­ւած Հ.Օ.Մ.ի «­Սօ­սէ» ման­կա­պար­տէ­զը նպա­տակ ու­նէր ա­ջակ­ցե­լու Ար­ցա­խեան պա­տե­րազ­մին զո­հո­ւած ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րու ըն­տա­նիք­նե­րու ման­կա­հա­սակ ե­րե­խա­նե­րու կրթա­դաս­տի­արակ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման:

«­Սօ­սէ» մա­ն­կապար­տէ­զը շատ կարճ ժամ­կէ­տի մէջ աչ­քի ին­կաւ Լ.Ղ.Հ. նա­խադպ­րո­ցա­կան հիմ­նարկ­նե­րու շար­քին եւ ա­տով իսկ ար­դա­րա­ցուց Հ.Օ.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան եւ հո­վա­նա­ւո­րող շրջան­նե­րու, ան­հատ­նե­րու սպա­սում­ներն ու յոյ­սե­րը: ­Հե­տա­գա­յին Ս­տե­փա­նա­կեր­տի «­Սօ­սէ» մա­նա­կապր­տէ­զի օ­րի­նա­կով ո­րո­շո­ւե­ցաւ ընդ­լայ­նել «­Սօ­սէ» ման­կա­պար­տէզ­նե­րու ցան­ցը Ար­ցա­խի մէջ` տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ա­նոնց թի­ւը հասց­նե­լով 12ի: Այժմ ման­կա­պար­տէզ­ներ կը գոր­ծեն նաեւ ­Շու­շիի, ­Մեծ ­Թա­ղե­րու, ­Տո­ղի, Ակ­նա­բեր­դի, Ա­շա­նի, Խնձրիս­տա­նի, ­Քա­րե­գա­հի մէջ: