Արման Ստեփանեան Հ.Յ.Դաշնակցութեան գաղափարի նուիրեալ
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
4 Սեպտեմբերին, հակառակորդին կողմէ ձեռնարկուած գործողութեան իբրեւ հետեւանք, մարտական խնդիր կատարելու ժամանակ զոհուած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի պայմանագրային զինուորներ Մարատ Խաչանեան եւ Արման Ստեփանեան: Արման Ստեփանեան Հ.Յ. Դաշնակցութեան գաղափարի նուիրեալ ու ազնիւ երիտա սարդ էր, բոլորին կողմէ սիրուած ու յարգուած: Ծնած է 7 Նոյեմբեր 1981ին: Ամուսնացած է եւ երեք զաւակներու հայր է: Հ.Յ.Դաշնակցութեան Արցախի կառոյցը իր խորին վշտակցութիւնը կը յայտնէ ընկերոջ ընտանիքին ու հարազատներուն: