­Պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը այ­ցե­լած է ա­ռաջ­նա­գիծ

Հ.Յ..­Դաշ­նակ­ցու­թեան հրա­ւէ­րով Ար­ցախ կը գտնո­ւին Ֆ­րան­սա­յի խորհր­դա­րա­նի Ըն­կեր­վա­րա­կան Խմ­բակ­ցու­թեան ան­դամ­նե­րը: Ուր­բաթ՝ 4 ­Սեպ­տեմ­բե­րի ա­ռա­ւօ­ տեան ա­նոնք այ­ցե­լած են ա­ռաջ­նա­գիծ: ­Պա­տո­ւի­րա­կու­թեան կ­՛ըն­կե­րակ­ցէին Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ­ներ ­Մու­րատ ­Փա­փա­զեան ու ­Կի­րօ ­Մա­նո­յեան, Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ, ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի «­Դաշ­նակ­ցու­թիւն» Խմ­բակ­ցու­թեան ղե­կա­վար ­Դա­ւիթ Իշ­խա­նեան եւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի «­Դաշ­նակ­ցու­թիւն» Խմ­բակ­ցու­թեան պատ­գա­մա­ւոր ­Լեռ­նիկ ­Յով­հան­նի­սեան:

­Հան­դի­պում` Ար­ցա­խի պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նին մէջ

Ֆ­րան­սա­յի խորհր­դա­րա­նի Ըն­կեր­վա­րա­կան Խմ­բակ­ցու­թեան ան­դամ­նե­րը Ուր­բաթ՝ 4 ­Սեպ­տեմ­բե­րին այ­ցե­լած են Ար­ցա­խի պե­տա­կան հա­մալ­սա­րան, ծա­ղիկ­ներ զե­տե­ղած են Ար­ցա­խեան պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին նա­հա­տա­կո­ւած ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րուն յի­շա­տա­կը յա­ւեր­ժաց­նող յու­շա­կո­թո­ղին, որ­մէ ետք հան­դի­պում ու­նե­ցած են Ար­ցա­խի պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի ֆրան­սա­խօս ու­սա­նող­նե­րու եւ դա­սա­խօ­սա­կան անձ­նա­կազ­մին հետ: ­Հան­դի­պու­մին ներ­կայ էին Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ­ներ ­Մու­րատ ­Փա­փա­զեան եւ ­Կի­րօ ­Մա­նո­յեան, Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէէն ­Դա­ւիթ Իշ­խա­նեան եւ ­Լեռ­նիկ ­Յով­հան­նի­սեան, ինչ­պէս նաեւ Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ան­դամ, ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի փոխ-նա­խա­գահ ­Վահ­րամ ­Բա­լա­յեան։

Ար­ցա­խի պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի նա­խա­գահ ­Մա­նուշ ­Մի­նա­սեան հա­կիրճ կեր­պով ներ­կա­յա­ցու­ցած է հա­մալ­սա­րա­նին գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, յա­ռա­ջի­կայ ծրա­գիր­նե­րը, որ­մէ ետք ու­սա­նող­նե­րը հան­դէս ե­կած են հար­ցադ­րում­նե­րով, մաս­նա­ւո­րա­պէս` երկ­կող­մա­նի կա­պե­րու ամ­րապնդ­ման, հա­ւա­նա­կան միջ-հա­մալ­սա­րա­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ստեղծ­ման վե­րա­բե­րեալ:

­Լը ­Ռու.- «Ար­ցախ­ցի­նե­րուն մէջ ա­մէ­նէն շա­տը սի­րե­ցի ա­զա­տու­թեան ձգտու­մը»

Ուր­բաթ՝ 4 ­Սեպ­տեմ­բե­րին, Ֆ­րան­սա­յի խորհր­դա­րա­նի Ըն­կեր­վա­րա­կան Խմ­բակ­ցու­թեան ան­դամ­նե­րը Ս­տե­փա­նա­կեր­տի «­Շարլ Ազ­նա­ւու­րի ա­նո­ւան կեդ­րոն»ին մէջ, հան­դի­պում ու­նե­ցած են Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի ե­րի­տա­սար­դա­կան կա­ռոյ­ցի եւ Ար­ցա­խի ե­րի­տա­սար­դա­կան այլ կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ: ­Հան­դի­պու­մին նոյն­պէս ներ­կայ էին Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ­ներ ­Մու­րատ ­Փա­փա­զեան եւ ­Կի­րօ ­Մա­նո­յեան եւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թիւն Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի «­Դաշ­նակ­ցու­թիւն» Խմ­բակ­ցու­թեան պատ­գա­մա­ւոր ­Լեռ­նիկ ­Յով­հան­նի­սեան:

­Ձեռ­նար­կին սկիզ­բը, Հ.Յ.Դ. Ֆ­րան­սա­յի «­Նոր ­Սե­րունդ» ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան կող­մէ Ար­ցա­խի մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւած ա­մառ­նա­յին ճամ­բա­րին պա­տա­նի­նե­րը հան­դէս ե­կած են գեղարուես­տա­կան յայ­տա­գի­րով:

Ֆ­րան­սա­յի ­Խորհր­դա­րա­նի Ըն­կեր­վա­րա­կան Խմ­բակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Պ­րու­նօ ­Լը ­Ռու, շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով պա­տա­նի­նե­րուն եւ Հ.Յ.Դ. «­Նոր սե­րունդ» ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան, նշած է, որ յա­ռա­ջի­կայ ա­մա­ռո­ւը­նէ սկսեալ ա­նոնք եւ «­Նոր ­Սե­րունդ»ա­կա­նե­րը պի­տի հա­մա­գոր­ծակ­ցին եւ վեր­ջին­նե­րը պի­տի ու­նե­նան ֆի­նան­սա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն:

«Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք այ­սօր բե­մի վրայ էին եւ այն կա­րե­լիու­թեան հա­մար, որ մենք այ­սօր միա­սին կրնանք կի­սել այն հպար­տու­թիւ­նը, որ դուք բո­լորդ ու­նիք ձեր երկ­րին նկատ­մամբ»,- ը­սած է Պ­րու­նօ ­Լը ­Ռու:

Պ­րու­նօ ­Լը ­Ռու կա­րե­ւոր նկա­տած է այն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը, որ գո­յու­թիւն ու­նի Հ.Յ.Դ. կու­սակ­ցու­թեան հետ եւ նշած, որ միշտ պէտք է տար­բե­րու­թիւն դնել ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւնն ու խա­ղա­ղու­թիւ­նը յար­գող եւ, ընդ­հա­կա­ռա­կը, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւնն ու խա­ղա­ղու­թիւ­նը ոտ­նա­կո­խող եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ:

«­Պէտք է այն­պէս մը ը­նել, որ սթա­թիս քոն փո­խո­ւի դէ­պի խա­ղա­ղու­թիւն եւ այդ է պատ­ճա­ռը, որ մենք ե­կանք այս­տեղ, որ­պէս­զի հասկ­նանք եւ քննար­կենք ի­րա­վի­ճա­կը»,- ը­սած է ­Լը ­Ռու:

Ար­ցա­խի ե­րի­տա­սար­դա­կան կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ուղ­ղած են ի­րենց հար­ցում­նե­րը:

­Պա­տաս­խա­նե­լով այն հար­ցու­մին, թէ ե՞րբ Ֆ­րան­սա պի­տի ճանչ­նայ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը, Պ­րու­նօ ­Լը ­Ռուն պա­տաս­խա­նած է, որ միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ, ­Ռու­սիա, Ֆ­րան­սա եւ ­Հա­յաս­տան միա­սին պէտք է գան այդ յայ­տա­րա­րին:

­Մամ­լոյ ա­սու­լիս` Պ­րու­նօ ­Լը ­Ռո­ւի գլխա­ւո­րու­թեամբ

Հ.Յ.Դ. նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ Ար­ցա­խի մէջ գտնո­ւող Ֆ­րան­սա­յի ­Խորհր­դա­րա­նի Ըն­կեր­վա­րա­կան Խմ­բակ­ցու­թեան ան­դամ­նե­րը, խմբակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Պ­րու­նօ ­Լը ­Ռո­ւի գլխա­ւո­րու­թեամբ, Ուր­բաթ՝ 4 ­Սեպ­տեմ­բե­րին հան­դի­պում ու­նե­ցան Ար­ցա­խի լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ:

«Ար­մե­նիա» պան­դո­կի նիս­տե­րու դահ­լի­ճին մէջ հրա­ւի­րո­ւած մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ներ­կայ էին նաեւ ֆրան­սա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ըն­կե­րակ­ցող Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ­նե­րը, Հ.Յ.Դ. Ֆ­րան­սա­յի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ան­դամ­ներ, Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ան­դամ­ներ եւ «­Դաշ­նակ­ցու­թիւն» Խմ­բակ­ցու­թեան պատ­գա­մա­ւոր­ներ:

­Մամ­լոյ ա­սու­լի­սի բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Դ. Իշ­խանեան, որ ներ­կա­նե­րուն տե­ղե­կա­ցուց, թէ Ֆ­րան­սա­յի պա­տո­ւի­րա­կու­թեան այ­ցե­լու­թեան կազ­մա­կեր­պու­մը նպա­տակ ու­նի ա­նոնց ծա­նօ­թաց­նե­լու Ար­ցա­խի ներ­քին կեան­քին, ինչ­պէս նաեւ մօ­տէն անդ­րա­դառ­նա­լու Ար­ցախեան ­Հար­ցին:

Ուս­տի պա­տա­հա­կան չէ, որ ա­սու­լի­սէն ժա­մեր ա­ռաջ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը այ­ցե­լած էր ա­ռաջ­նա­գիծ եւ ծա­նօ­թա­ցած սահ­մա­նին վրայ տի­րող ի­րա­վի­ճա­կին:

Դ. Իշ­խա­նեան կա­րե­ւոր նկա­տած է նման այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­մը եւ յոյս յայտ­նած, որ այդ մէ­կը կ­՛ու­նե­նայ շա­րու­նա­կա­կան բնոյթ:

Ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին Պ­րու­նօ ­Լը ­Ռուն իր ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը յայտ­նեց Հ.Յ. ­Դաշ­նակ­ցու­թեան կա­ռոյ­ցին` հե­տաքրք­րա­կան ու բո­վան­դա­կա­լից այ­ցե­լու­թեան կազ­մա­կեր­պու­մին հա­մար` նշե­լով, որ նման այ­ցե­լու­թիւն­ներ կ­՛օգ­նեն ճանչ­նա­լու Ար­ցա­խը: «­Մենք Ար­ցախ ե­կանք 3 ­Սեպ­տեմ­բե­րին` Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան հռչակ­ման յա­ջորդ օ­րը: Ես գի­տեմ, որ ան­կա­խու­թիւ­նը շատ սուղ է իւ­րա­քան­չիւր ար­ցախ­ցիի հա­մար: Ես հասկ­ցայ, որ ժո­ղո­վուր­դը կը փայ­փա­յէ իր ան­կա­խու­թիւ­նը:

Ա­նոր հա­մար ալ շատ կա­րե­ւոր էր ա­ռաջ­նա­գիծ մեր այ­ցե­լու­թիւ­նը: ­Մենք ան­ձամբ ծա­նօ­թա­ցանք ի­րա­վի­ճա­կին: ­Պէտք է նա­խա­ձեռ­նո­ղա­կա­նու­թիւն ցոյց տալ եւ ըն­թա­նալ դէ­պի խա­ղա­ղու­թիւն: Ե.Ա.Հ.Կ. ­Մինս­քի Խմ­բա­կը պէտք է այս հար­ցին մէջ լուծ­ման ու­ղի­ներ փնտռէ: Ֆ­րան­սա եւս այդ ուղ­ղու­թեամբ ջան­քեր պի­տի չխնա­յէ»,- նշեց ան:

­Հան­դի­պու­մին ըն­թաց­քին լրագ­րող­նե­րը զի­րենք յու­զող հար­ցե­րը ուղ­ղե­ցին պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ղե­կա­վա­րին:

­Հար­ցում­նե­րը կը վե­րա­բե­րէին Ան­գա­րա-­Փա­րիզ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն, ­Ղա­րա­բա­ղեան ­Տագ­նա­պի լուծ­ման, Ար­ցախ-Ֆ­րան­սա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու սեր­տաց­ման եւ այլն:

«­Հա­յաս­տա­նը եւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղը պէտք է միշտ ա­ռաջ­նոր­դո­ւին ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան եւ ա­զա­տու­թեան սկզբունք­նե­րով: Այդ եր­կու­քը ա­մէն ին­չէ զօ­րա­ւոր են եւ ի վեր­ջոյ միշտ կը յաղ­թեն»,- շեշ­տեց Պ. ­Լը ­Ռու:

­Յար­գան­քի տուրք` Ս­տե­փա­նա­կեր­տի յու­շա­հա­մա­լի­րին մէջ

Ար­ցախ գտնո­ւող Ֆ­րան­սա­յի խորհըր­դա­րա­նի Ըն­կեր­վա­րա­կան Խմ­բակ­ցու­թեան ան­դամ­նե­րը, խմբակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Պ­րու­նօ ­Լը ­Ռո­ւի գլխա­ւո­րու­թեամբ, եւ ֆրան­սա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը հիւ­րըն­կա­լող Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ու Ար­ցա­խի Կ. ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, ­Շա­բաթ ա­ռա­ւօ­տեան այ­ցե­լե­ցին Ս­տե­փա­նա­կեր­տի յու­շա­հա­մա­լիր, ուր ծա­ղիկ­ներ զե­տե­ղե­ցին ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ­Գե­րա­գոյն ­Խոր­հուր­դի ա­ռա­ջին նա­խա­գահ Ար­թուր Մկրտ­չեա­նի շի­րի­մին եւ Ար­ցա­խեան ­Պա­տե­րազ­մին նա­հա­տա­կո­ւած ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րու յու­շար­ձա­նին:

Այ­նու­հե­տեւ ա­նոնք այ­ցե­լե­ցին Ար­ցա­խի խորհր­դա­նիշ հան­դի­սա­ցող «­Մենք ենք, մեր սա­րե­րը» յու­շար­ձան, ուր ա­նոնց ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան յու­շար­ձա­նին կերտ­ման պատ­մու­թիւնն ու խոր­հուր­դը: