­4 Սեպ­տեմ­բե­րին` սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու վե­րա­բե­րեալ խորհր­դա­րա­նա­կան ունկնդ­րու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին, Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի Հ.Յ.Դ. խմբակ­ցու­թեան պատ­գա­մա­ւոր Ար­ծո­ւիկ ­Մի­նա­սեան հան­դէս ե­կած է հար­ցում-ա­ռա­ջարկ­նե­րով:

Ան նախ շեշ­տած է ունկնդ­րու­թիւն­նե­րու եւ սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­խում­բի հե­տե­ւո­ղա­կան պա­տաս­խան­նե­րուն կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, քա­նի որ ա­նոնք պի­տի օգ­նեն շա­տե­րուն, որպէսզի լիար­ժէք կեր­պով պատ­կե­րաց­նեն, թէ նոր սահ­մա­նադ­րու­թեամբ ի՛նչ կ­՛ա­ռա­ջար­կո­ւի եւ կը փա­րա­տէ ա­նոնց մտա­հո­գու­թիւն­ներն ու կաս­կած­նե­րը:

­Պատ­գա­մա­ւո­րը նշած է, որ իր ա­ռա­ջարկ­նե­րը ուղ­ղո­ւած են հա­սա­րա­կա­կան հա­տո­ւա­ծի աշ­խոյժ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն: Ըստ ­Մի­նա­սեա­նի, բազ­միցս ը­սո­ւած է, որ ­Հա­յաս­տա­նի տնտե­սա­կան զար­գաց­ման խո­չըն­դոտ­նե­րէն մէ­կը մե­նաշ­նորհ­նե­րու առ­կա­յու­թիւնն է: «­Գոր­ծող սահ­մա­նադ­րու­թեան կա­րե­լիու­թեամբ կա­րե­լի չէ աշ­խոյժ  հա­կա­մե­նաշ­նոր­հա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն վա­րել: ­Պէտք է ա­ռա­ջար­կել դրու­թիւն մը, եւ մենք հի­մա կ­՛աշ­խա­տինք ա­նոր շուրջ, որ­պէս­զի հա­կա­մե­նաշ­նոր­հա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը դառ­նայ սահ­մա­նադ­րա­կան կա­նոն»,- բա­ցատ­րած է Ար­ծո­ւիկ ­Մի­նա­սեան:

­Պատ­գա­մա­ւո­րին միւս ա­ռա­ջար­կը կը վե­րա­բե­րէր ­Կեդ­րո­նա­կան Դրա­մա­տան գլխուն. ան ա­ռա­ջար­կած է այն­տեղ թո­ւար­կո­ւած գի­նե­րու ու ֆի­նան­սա­կան կա­յու­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը սահ­մա­նադ­րու­թե­նէն հա­նել եւ օ­րէն­քի կար­գա­ւոր­ման դաշտ փո­խադ­րել:

­Սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­խում­բի ան­դամ ­Վար­դան ­Պօ­ղո­սեան նշած է, որ ե­թէ հա­կա­մե­նաշ­նոր­հա­յին կա­նոն  ա­ռա­ջար­կո­ւի` սահ­մա­նադ­րու­թեան մէջ ամ­րագ­րե­լու հա­մար, ա­պա սի­րով պատ­րաստ են զայն քննար­կե­լու, ամ­րագ­րե­լու:

«­Բազ­մա­թիւ դրոյթ­ներ, ո­րոնք ամ­րագ­րո­ւած են նոր սահ­մա­նադ­րու­թեան նա­խա­գի­ծին մէջ, ե­ղած են շնոր­հիւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ա­ռա­ջարկ­նե­րուն եւ ջան­քե­րուն: Ե­թէ ըլ­լայ ա­ռա­ջարկ` հա­կա­մե­նաշ­նոր­հա­յին կա­նո­նը  նե­րա­ռե­լու սահ­մա­նադ­րու­թեան մէջ, ա­պա մենք պատ­րաստ ենք միա­սին  աշ­խա­տե­լու գտնե­լու փո­խա­դարձ ըն­դու­նե­լի լու­ծում­ներ»,- ը­սած է ան:

­Վար­դան ­Պօ­ղո­սեան նշած է, որ չու­նի լիա­զօ­րու­թիւն պա­տաս­խա­նե­լու այն հար­ցու­մին, թէ անհ­րա­ժե՞շտ է ար­դեօք Ա. ­Մի­նա­սեա­նի երկ­րորդ ա­ռա­ջար­կով նշուած ձե­ւա­կեր­պում­նե­րը հա­նել գոր­ծող սահ­մա­նադ­րու­թե­նէն: Ան բա­ցատ­րած է.- «­Կը կար­ծեմ` ա­սի­կա կա­րե­ւո­րա­գոյն խնդիր­նե­րէն մէկն է, որ սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու ծի­րին մէջ լրջա­գոյն քննարկ­ման պէտք է ար­ժա­նա­նայ: Կր­նամ միայն վստա­հեց­նել, որ սահ­մա­նադ­րա­կան յանձ­նա­խում­բը ա­մե­նայն լրջու­թեամբ պի­տի մօ­տե­նայ այս հար­ցին»: