Նախագահ Սերժ Սարգսեան Սեպտեմբեր 4ին ընդունեց Ֆրանսայի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Ընկերվարական Խմբակցութեան նախագահ Պրունօ Լը Ռուի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ Հ.Հ. նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու
հետ կապերու վարչութիւնը:
Նախագահը ողջունած է հիւրերը եւ նշած, որ ուրախ է պարոն Լը Ռուն եւ պատուիրակութեան մաս կազմող շարք մը խորհրդարանականները Երեւանի մէջ մէկ տարի առաջ կայացած հանդիպումէն ետք կրկին հիւրընկալելու համար, ուրախ է նաեւ պատուիրակութեան կազմին մէջ տեսնելու առաջին անգամ Հայաստան այցելող պատգամաւորներ:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները երկուստեք կարեւորած են տարբեր մակարդակի յաճախակի փոխայցելութիւններն ու շփումները, որոնք, անոնց համոզմամբ, աւելի կ՛ամրապընդեն հայ-ֆրանսական բարեկամութիւնն ու լաւ հնարաւորութիւն են` տեղւոյն վրայ անմիջական մթնոլորտի մէջ քննարկելու երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերը: «Ֆրանսիայի պարագայում այսպիսի հանդիպումները դարձել են աւանդական. վերջին մէկ տարուայ ընթացքում խորհրդարանական երեք մեծ պատուիրակութիւններ են այցելել Հայաստան եւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղ: Ընդհանրապէս, վերջին տարիներին հայ-ֆրանսիական առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւնները նոր որակ են ստացել` նշանաւորուելով երկկողմ կապերի վերընթաց զարգացմամբ բոլոր ոլորտներում»,-գոհունակութեամբ նշած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Հանդիպման մասնակիցները համակարծիք եղած են, որ միջ-պետական յարաբերութիւններու ամրապնդման կարեւորագոյն բաղկացուցիչ է միջ-խորհրդարանական համագործակցութիւնը, որու զարգացման համար իրենց նշանակալի աւանդն ունին երկու երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ ձեւաւորուած հայ-ֆրանսական բարեկամութեան խումբերը:
Պատգամաւոր Պրունօ Լը Ռուն նախագահ Սերժ Սարգսեանին փոխանցած է Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի ջերմ ողջոյնները: Ան եւս գոհունակութեամբ նշած է, որ տարբեր մակարդակներու վրայ յաճախակի դարձած երկկողմ հանդիպումները մշտապէս աչքի ինկած են արդիւնաւէտութեամբ` հանդիպումէ հանդիպում նախանշելով համագործակցութեան նոր եզրեր:
Ֆրանսացի պատգամաւորները կարեւոր համարած են նաեւ այցելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղ եւ շեշտած, որ ըլլալով խորհրդարանականներ, իրենց առաքելութիւնն ու անմիջական պարտականութիւնը կը համարեն տեղւոյն վրայ ծանօթանալ իրավիճակին, շփուիլ մարդոց հետ եւ այդ ամէնուն արդիւնքով ձեւաւորուած իրենց պատկերացումները, տեսածն ու լսածը փոխանցել նաեւ իրենց գործընկերներուն: Ըստ անոնց, Ֆրանսան շահագրգռուած է, որպէսզի ԼՂ հիմնախնդրի լուծման համար շարունակուին երկխօսութիւնն ու խաղաղութեան հաստատման ուղղուած գործընթացը, եւ իրենց այցելութիւնները Լեռնային Ղարաբաղ եւս այդ նպատակին կը ծառայեն:
Հանդիպման ժամանակ հիւրերը Հ.Հ. նախագահէն խնդրած են ներկայացընել Հ.Հ. սահմանադրական բարեփոխումներու գործընթացը ու այդ բարեփոխումներու նպատակը: