վարական հրամանատարաշտապային զօրավարժութիւններու նպատակն է ստուգել պետութեան պատրաստականութիւնը մարտական գործողութիւններու կամ պատերազմի վերսկսման պարագային, ղեկավարման համակարգի ունակութիւնը եւ պատրաստականութիւնը պետութիւնը ռազմական դրութեան ժամանակ ղեկավարելու, նաեւ մարզելու ղեկավար կազմը: Լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է Հ.Հ. Զ.ՈՒ. Գ.Շ. պետի տեղակալ, զօրավար-հարիւրապետ Մովսէս Յակոբեան:
Անոր խօսքով՝ զօրավարաժութիւններու նպատակն է նաեւ Հայաստանը բերել բարձր աստիճանի մարտական պատրաստականութեան, համապատասպան միջոցներ իրականացնել պետութիւնը լրիւ աստիճանի պատրաստականութեան բերելու համար: Զօրավարժութիւններու միջոցով, ըստ անոր, պէտք է ստուգել նաեւ տնտեսութեան հնարաւորութիւնը պետութիւնը ռազմական դրութեան բերելու ժամանակ, ստուգել պետութեան պահուստները ռազմական դրութեան ժամանակ:
Մ. Յակոբեանի խօսքով՝ զօրավարժութիւններուն ընդգրկուած են պետական կառավարման բոլոր մարմիններն ու գերատեսչութիւնները: Ըստ անոր, նման տարողութեամբ զօրավարժութիւն առաջին անգամ տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի մէջ, երբ ընդգրկուած են հանրապետութեան բոլոր գերատեսչութիւնները:
Զօրավարին գնահատմամբ՝ պետական մարմինները լաւ պատրաստուած են պատերազմական պայմաններու մէջ արագ, իրավիճակէն բխող որոշումներ կայացնելու հարցով: Մ. Յակոբեան միաժամանակ նշած է, որ Հետագային պիտի ամփոփեն զօրավարժութեան արդիւնքները, գերատեսչութիւնները համապատասխան յանձնարարականներ կը ստանան:
«Բոլոր ներմուծականների վերաբերեալ որոշումներ կայացւում են եւ զեկուցւում զօրավարժութեան համապատասխան ոլորտի ղեկավարի տեղակալին: Որոշ ներմուծականներ նաեւ պրակտիկ (գործնական) պէտք է իրականացուեն: Բոլոր նախարարութիւնները ստանալու են գնահատական»,- ըսած է Մովսէս Յակոբեան:
Յիշեցնենք, որ Սեպտմբեր 3-6 Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տեղի կ՛ունենան «Շանթ-2015» ռազմավարական հրամանատարաշտապային զօրավարժութիւններ:
Զօրավարժութիւնը նպատակաուղղուած է պաշտպանութեան պետութեան անմիջական նախապատրաստութեան եւ յարձակման յետմղման ընթացքին պետական եւ ռազմական կառավարման մարմիններու զօրահաւաքային նախապատրաստութեան, պատրաստականութեան բարձր աստիճաններու բերման ունակութեան վերստուգման, փոխ-գործակցութեան եւ գործողութիւններու ներդաշնակութեան մակարդակի բարձրացման: