­Սեպ­տեմ­բեր 4ին, ժա­մը 17:00ին, հա­կա­ռա­կոր­դին կող­մէ ձեռ­նար­կո­ւած գոր­ծո­ղու­թեան իբ­րեւ հե­տե­ւանք մար­տա­կան խնդիր կա­տա­րե­լու ժա­մա­նակ զո­հո­ւած են պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի պայ­մա­նագ­րա­յին զի­նո­ւոր­ներ ­Մա­րատ ­Ռու­դոլ­ֆի ­Խա­չա­նեա­ն եւ Ար­ման ­Վա­չա­գա­նի Ս­տե­փա­նեա­ն: ­Դէպ­քին ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը պար­զե­լու հա­մար կը կա­տա­րո­ւի հե­տաքն­նու­թիւն:

­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կի­սած է կորըս­տեան ծանր վիշ­տը եւ իր զօ­րակ­ցու­թիւ­նը կը յայտ­նէ զո­հո­ւած զի­նո­ւոր­նե­րու ըն­տա­նիք­նե­րուն, հա­րա­զատ­նե­րուն եւ ծա­ռա­յա­կից­նե­րուն։

­Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան մամ­լոյ խօս­նակ Արծ­րուն ­Յով­հան­նի­սեան այս առն­չու­թեամբ յայտ­նած է, թէ սահ­մա­նին վրայ ստեղ­ծո­ւած լա­րո­ւա­ծու­թիւ­նը Ատր­պէյ­ճա­նի սադ­րանք­նե­րուն հե­տե­ւանք է:

Ան նշած է, որ նա­խօ­րէին ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մի ռմբա­կո­ծու­մէն վի­րա­ւո­րո­ւած է ­Վա­զա­շէն գիւ­ղի 3 խա­ղաղ բնա­կիչ եւ մէկ պայ­մա­նագ­րա­յին զի­նո­ւոր: ­Բա­րե­բախ­տա­բար վի­րա­ւոր­նե­րուն կեան­քը վտան­գո­ւած չէ։ «­Հա­կա­ռա­կոր­դը գոր­ծի է դրել հրաձ­գա­յին զէնք ու ա­կա­նա­նե­տեր»,- յայտ­նած է ­Յով­հան­նի­սեան:

Ըստ ա­նոր՝ ընդ­հա­նուր առ­մամբ ­Հա­յաս­տա­նի հետ սահ­մա­նին եւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի զօր­քե­րուն հետ շփման գի­ծին վրայ կրա­կոց­նե­րու յա­ճա­խա­կա­նու­թիւ­նը նո­ւա­զած է նա­խորդ օ­րե­րուն հետ բաղ­դա­տե­լով։ «­Յոյս ու­նենք, որ մի­տու­մը կը շա­րու­նա­կուի»,- յայտ­նած է ան։

­Խօ­սե­լով ներ­կա­յիս լա­րո­ւա­ծու­թեան պատ­ճառ­նե­րուն մա­սին՝ ­Յով­հան­նի­սեան ընդգ­ծած է, որ ա­նի­կա ար­հես­տա­կան բնոյթ կը կրէ: «­Մի քա­նի օր ա­ռաջ Ադըր­բե­ջա­նի ար­տա­քին գոր­ծե­րի նա­խա­րա­րու­թեան մա­մու­լի խօս­նա­կը սեն­սա­ցիոն յայ­տա­րա­րու­թիւն ա­րեց ­Մի­ջազ­գա­յին մար­դա­սի­րա­կան նոր­մե­րը պահ­պա­նե­լու մա­սին: Ընդ ո­րում, մո­ռա­նա­լով նշել, որ լա­րո­ւա­ծու­թեան պատ­ճա­ռը ադր­բե­ջա­նա­կան կող­մի սադ­րիչ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներն են»,- նշած է ­Յով­հան­նի­սեան։