2 Սեպ­տեմ­բե­րին Ե­րե­ւա­նի մէջ բա­ցու­մը կա­տարուած է ազ­գա­յին հե­րոս ­Թա­թուլ Կր­պէեա­նի ա­նո­ւան զբօ­սայ­գիին: Ե­րե­ւա­նի հա­մայն­քա­յին 2014ի ծրա­գիր­նե­րու ծի­րին մէջ նոր զբօ­սայ­գին կա­ռու­ցո­ւած է ­Նոր ­Նորք վար­չա­կան շրջա­նի ­Գա­յի պո­ղո­տա­յի եւ Լ­վո­վեան փո­ղո­ցի հատ­ման տա­րած­քին կից:

Զ­բօ­սայ­գիի հան­դի­սա­ւոր բաց­ման մաս­նակ­ցած են պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­Սէյ­րան Օ­հա­նեան, Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պետ ­Տա­րօն ­Մար­գա­րեան, Կրպէեա­նի ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը, ըն­կեր­ներն ու հա­րա­զատ­նե­րը:

«­Կար­ծեմ` կը յի­շէք, թէ ո­մանք ինչ­պէ՛ս կը փոր­ձէին ներ­կա­յաց­նել ըն­թա­ցող աշ­խա­տանք­նե­րը, երբ նոր սկսած էինք գոր­ծի: Ընդ­հուպ տե­ղե­կու­թիւն­ներ տա­րա­ծե­ցին, թէ այս­տեղ ծա­ռա­հա­տում­ներ եւ ծա­ռա­պատ տա­րածք­ներ կ­՛ոչն­չա­նան: ­Ժա­մա­նա­կը ա­պա­ցու­ցեց, որ մեր նպա­տա­կը շուրջ 20 տա­րի անխ­նամ, ան­բա­րե­կարգ մնա­ցած տա­րած­քը կար­գի բե­րելն ու ար­դէն իբ­րեւ գե­ղե­ցիկ հան­գիս­տի գօ­տի մեր բնա­կիչ­նե­րուն յանձ­նելն էր: Ի դէպ, կ­՛ու­զեմ յի­շեց­նել, որ այ­գիի ստեղծ­ման գա­ղա­փա­րի հիմ­քը նա­խա­ձեռ­նու­թիւնն էր մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն, ­Ճար­տա­րա­պե­տա­շի­նա­րա­րա­կան հա­մալ­սա­րա­նի ու­սա­նող­նե­րուն, ո­րոնք նա­խա­գի­ծի տես­քով ներ­կա­յա­ցու­ցին, եւ ա­հա հրա­շա­լի այդ նա­խա­գի­ծը այ­սօր ի­րա­կա­նու­թիւն է: Ի դէպ, այս այ­գին Ա­ջափ­նեակ վար­չա­կան շրջա­նին մէջ կա­ռու­ցո­ւած այ­գիէն ետք՝ նման ձե­ւով եւ տա­րո­ղու­թեամբ երկ­րորդ հան­գիս­տի գօ­տին է մեր քա­ղա­քին մէջ, եւ մենք պի­տի փոր­ձենք ը­նել կա­րե­լին, որ նմա­նա­տիպ շատ գօ­տի­ներ ու­նե­նանք մեր բո­լոր վար­չա­կան շրջան­նե­րուն մէջ»,- այս ա­ռի­թով ը­սած է Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տը:

Ծ­րա­գի­րի ծի­րին մէջ այ­գիին մէջ կա­ռու­ցո­ւած են պա­զալ­թէ աս­տի­ճան­ներ, սա­լի­կա­պա­տո­ւած են ճե­մու­ղի­նե­րը, նո­րե­րով փո­խա­րի­նո­ւած են եզ­րա­քա­րե­րը, ինչ­պէս նաեւ կա­ռու­ցո­ւած են յե­նա­պա­տեր, ո­րոնք ե­րե­սա­պա­տո­ւած են տար­բեր տե­սա­կի սա­լե­րով: Այ­գիին ամ­բողջ տա­րած­քը ա­պա­հո­վո­ւած է զրու­ցա­րան­նե­րով, նստա­րան­նե­րով եւ աղ­բա­ման­նե­րով, ցայ­տաղ­բիւր­նե­րով: ­­Տա­րաբ­նոյթ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու կա­յաց­ման հա­մար այ­գիին մէջ կա­ռու­ցուած է նաեւ ամ­փի­թատ­րոն: ­Ճար­տա­րա­պե­տա­կան հե­տաքրք­րա­կան ո­ճով այ­գիին մէջ կայ կա­նաչ լա­բիւ­րին­թոս: ­Կա­ռու­ցո­ւած է 44 փոքր շատ­րո­ւան­նե­րով հա­մալ­րո­ւած ջրա­ւա­զան:

­­Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­Սէյ­րան Օ­հա­նեան իր կար­գին ընդգ­ծած է, որ ­Թա­թուլ Կըր­պէեա­նի ծննդեան 50ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու կար­գին Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տին այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը իս­կա­պէս կա­րե­ւոր էր ու ռազ­մա­հայ­րե­նա­սի­րա­կան ո­գիով սե­րունդ կրթե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ:

«Օ­րը իս­կա­պէս խորհր­դան­շա­կան է նաեւ այն ա­ռու­մով, որ Ար­ցա­խեան Ա­զա­տա­մար­տի հե­րո­սի ա­նու­նը կրող այ­գիին բա­ցու­մը կը կա­տա­րո­ւի ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան օ­րը, այն ան­կա­խու­թեան, ո­րուն հա­մար իր կեան­քը զո­հա­բե­րեց նաեւ ­Թա­թու­լը:

«Վս­տահ եմ, որ այս այ­գին իր ու­րոյն տե­ղը կ­՛ու­նե­նայ մայ­րա­քա­ղա­քի կեան­քին մէջ եւ հա­մա­պա­տաս­խան հենք կը հան­դի­սա­նայ մեր երկ­րին մէջ հայ­րե­նա­սի­րա­կան գա­ղա­փա­րա­կան եւ յատ­կա­պէս մա­տաղ սե­րուն­դի ռազ­մա­հայ­րե­նա­սի­րա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան հա­մար: Վս­տահ եմ` մա­տաղ սե­րուն­դը, այս պու­րա­կին մէջ հանգս­տա­նա­լով, ու­սում­նա­սի­րե­լով եւ ծա­նօ­թա­նա­լով այս­տեղ տե­ղադ­րո­ւած յու­շա­կո­թող­նե­րուն պատ­մու­թեան` հաս­տա­տա­պէս պի­տի փոր­ձէ նմա­նիլ հայ­րե­նի­քի նո­ւի­րեալ մեր ան­վախ հե­րոս­նե­րուն»,- նշած է ­Սէյ­րան Օ­հա­նեան: