­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան  Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մէջ մաս­նակ­ցած է ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հռչակ­ման 24րդ ­տա­րե­դար­ձին նուի­րո­ւած ձեռ­նարկ­նե­րուն. այս մա­սին կը տե­ղե­կացնէ ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մի հա­սա­րա­կու­թեան եւ տե­ղե­կա­տո­ւու­ թեան մի­ջոց­նե­րու  հետ կա­պե­րու վար­չու­թիւ­նը:

Աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեամբ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թիւն գտնո­ւող նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան ե­րե­կո­յեան, մայ­րա­քա­ղաք Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մէջ, տի­կին ­Ռի­թա ­Սարգ­սեա­նի հետ ներ­կայ գտնո­ւած է ­Վե­րած­նուն­դի հրա­պա­րա­կին վրայ` ի յի­շա­տակ ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու եւ հայ­կա­կան եր­կու պե­տու­թիւն­նե­րու ան­կա­խու­թեան հա­մար ի­րենց կեան­քը նո­ւի­րա­բե­րած սուրբ նա­հա­տակ­նե­րու ­Ճու­զեփ­փէ ­Վեր­տիի «­Ռեք­վիեմ» ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ար­ցա­խեան ա­ռա­ջին ե­լոյ­թին:

­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հռչակ­ման 24ա­մեա­կի տօ­նա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը Ար­ցա­խի մէջ ըն­թացք ա­ռած են կա­նուխ ա­ռա­ւօ­տեան: Ս­տե­փա­նա­կեր­տի փո­ղոց­նե­րուն մէջ պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի զի­նո­ւո­րա­կան­նե­րը տո­ղանցք կա­տա­րած են:

­Մար­դիկ ուղ­ղո­ւած են Ս­տե­փա­նա­կեր­տի յու­շա­հա­մա­լիր, ուր ծա­ղիկ­ներ եւ ծաղ­կեպ­սակ­ներ զե­տե­ղո­ւած են յաղ­թա­նա­կը խորհր­դան­շող յու­շա­քա­րի պա­տո­ւան­դա­նին առ­ջեւ: Աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեամբ Ար­ցախ գտնո­ւող ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը, ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեա­նի, նախ­կին նա­խա­գահ Ար­կա­դի ­Ղու­կա­սեա­նի, ­Հայ ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ Ար­ցա­խի թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Պար­գեւ Արք. ­Մար­տի­րո­սեա­նի, Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ա­շոտ ­Ղու­լեա­նի, վար­չա­պետ Ա­րա ­Յա­րու­թիւ­նեա­նի, Ար­ցա­խի ու ­Հա­յաս­տա­նի բարձ­րաս­տի­ճան այլ պաշ­տօնեա­նե­րու հետ Ս­տե­փա­նա­կեր­տի ­Վե­րած­նուն­դի հրա­պա­րա­կէն հե­տիոտն ուղ­ղո­ւած են յու­շա­հա­մա­լիր: ­Հայ­կա­կան եր­կու պե­տու­թիւն­նե­րու բար­ձա­գոյն ղե­կա­վար­նե­րը ծա­ղիկ­ներ եւ ծաղ­կեպ­սակ­ներ զե­տե­ղած են քա­ղա­քա­յին յու­շա­հա­մա­լի­րին մէջ եւ ա­նոր կից գտնո­ւող Ար­ցա­խեան Ա­զա­տա­մար­տին ըն­թաց­քին զո­հո­ւած ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րու շի­րիմ­նե­րուն վրայ: Այ­նու­հե­տեւ տե­ղի ու­նե­ցած է պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի  պա­տո­ւոյ պա­հա­կա­խում­բի հան­դի­սա­ւոր տո­ղանցք: