«Եու­նայ­թըտ Ո­ւըրլտ Քո­լեճզ»ի (Աշ­խար­հի Միա­ցեալ Քո­լեճ­ներ) ցան­ցին մաս կազ­մող Դի­լի­ջա­նի մի­ջազ­գա­յին քո­լե­ճը նոր ու­սում­նա­կան տա­րին սկսած է իր դռնե­րը բա­նա­լով 94 նոր ու­սա­նո­ղի առ­ջեւ, ո­րոնք կը սկսին ու­սում­նա­ռու­թիւ­նը մի­ջազ­գա­յին Պսա­կա­ւոր Գի­տու­թեանց (IB Diploma) եր­կա­մեայ ծրա­գի­րով:

2015-2016 ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նին քո­լե­ճը պի­տի ու­նե­նայ ար­դէն եր­կու հոսք՝ ա­պա­հո­վե­լով զար­գաց­ման ա­ռա­ջին հանգ­րո­ւա­նի հա­մար նա­խա­տե­սո­ւած կրթա­կան ծրա­գի­րի ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը:

­Նոր ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նին քո­լե­ճին մէջ պի­տի ու­սա­նի ընդ­հա­նուր 190 ու­սա­նող՝ աշ­խար­հի 64 եր­կիր­նե­րէ: Ա­նոնց­մէ 21ը Հա­յաս­տա­նէն ու Ար­ցա­խէն են, 11ը ըն­դու­նած են այս տա­րի։

­Դա­սա­խօ­սա­կան կազ­մը հա­մալ­րո­ւած է 17 մաս­նա­գէտ­նե­րով՝ նոր նիւ­թե­րու դա­սա­ւանդ­ման հա­մար:

«Եու­նայ­թըտ Ո­ւըրլտ Քո­լեճզ» շար­ժու­մը, Մի­ջազ­գա­յին Պսա­կա­ւոր Գի­տու­թեանց ու Ա­րո­ւես­տի հիմ­նար­կը եւ մեր քո­լե­ճի հիմ­նա­դիր­նե­րը կը միա­ւո­րէ այն ընդ­հա­նուր հա­մո­զու­մը, որ բարձ­րո­րակ կրթու­թեան մէջ այ­սօր ներդ­րում կա­տա­րե­լով՝ ա­պա­գա­յին խա­ղա­ղու­թեան, ար­դա­րու­թեան եւ բա­րե­կե­ցու­թեան հաս­նե­լու յոյս կը տա­ծենք», ը­սած է քո­լե­ճի տնօ­րէն Ճոն Փա­տը­ֆուտ:

«Եու­նայ­թըտ Ո­ւըրլտ Քո­լեճզ» Դի­լի­ջա­նի մի­ջազ­գա­յին քո­լե­ճի հիմ­նա­դիր­նե­րու խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Վե­րո­նի­քա Զո­նա­պենտ նշած է, որ կրթու­թիւնն ու դպրո­ցը միայն շէնք չեն:

«Գլ­խա­ւո­րը ու­սու­ցիչ­ներն ու ու­սա­նող­ներն են, ո­րոնք հոս կու գան: Քո­լե­ճի տնօ­րէն Ճոն Փա­տը­ֆուտ յա­ջո­ղած է կազ­մել դա­սա­խօ­սա­կան հե­տաքրք­րա­կան կազմ մը, եւ «Եու­նայ­թըտ Ո­ւըրլտ Քո­լեճզ»ի ըն­դու­նե­լու­թեան բա­ցա­ռիկ հա­մա­կար­գին շնոր­հիւ մեր մօտ ու­սա­նե­լու կու գան տա­ղան­դա­ւոր, վառ, իւ­րա­յա­տուկ ե­րե­խա­ներ: Ձե­զի կը սպա­սեն շատ հե­տաքրքրա­կան, թէեւ ոչ դիւ­րին աշ­խա­տանք՝ ստա­նա­լու ո՛չ միայն ա­կա­դե­մա­կան գի­տե­լիք­ներ, այլ նաեւ բազ­մամ­շա­կու­թա­յին մի­ջա­վայ­րին մէջ ապ­րե­լու փորձ ձեռք բե­րե­լու, որ, ան­շուշտ, պի­տի վե­րա­փո­խէ ձեր ան­հա­տա­կա­նու­թիւ­նը: Ու­րախ եմ, որ այդ աշ­խա­տան­քը կը տա­րո­ւի ո՛չ միայն քո­լե­ճին մէջ, այլ նաեւ ա­նոր սահ­ման­նե­րէն դուրս, քա­նի որ «Եու­նայ­թըտ Ո­ւըրլտ Քո­լեճզ» Դի­լի­ջան քո­լե­ճը Դի­լի­ջան քա­ղա­քի ան­բա­ժա­նե­լի մաս­նիկն է:

Քա­ղա­քի կեան­քին մէջ ար­դէն տե­սա­նե­լի են փո­փո­խու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք կ­՛ար­ձա­նագ­րո­ւին ու­սա­նող­նե­րուն եւ տեղ­ւոյն ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան շնոր­հիւ եւ յոյ­սով եմ, որ այդ ար­դիւնք­նե­րը կա­յուն ու եր­կա­րա­տեւ կ­՛ըլ­լան»,- յայտ­նած է Վե­րո­նի­քա Զո­նա­պենտ:

«­Հա­յաս­տա­նի Զար­գաց­ման Նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ» հիմ­նադ­րա­մի (IDEA) հան­րա­յին կա­պե­րու բա­ժի­նէն տե­ղե­կա­ցու­ցած են, որ այս տա­րի ամ­բող­ջու­թեամբ ա­ւար­տած են շի­նա­րա­րա­կան եւ ներ­քին յար­դար­ման աշ­խա­տանք­նե­րը ու­սում­նա­կան եւ բնա­կե­լի մաս­նա­շէն­քե­րուն մէջ, եւ ստեղ­ծո­ւած են մի­ջազ­գա­յին մա­կար­դա­կի կրթա­կան հաս­տա­տու­թեան բնո­րոշ բո­լոր պայ­ման­նե­րը: «­Քո­լե­ճի նոր շէն­քերն ու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը իս­կա­պէս հրա­շա­լի են: Մեր այ­ցե­լու­նե­րէն շա­տեր կը նշեն, որ կ­՛ու­զէին ե­րի­տա­սարդ ըլ­լալ եւ ու­սա­նիլ հոս։

«Ա­նի­կա կը գտնո­ւի չքնաղ բնու­թիւն ու­նե­ցող, հիւ­րըն­կալ երկ­րի մը մէջ եւ ո­չին­չով կը զի­ջի աշ­խար­հի լա­ւա­գոյն նմա­նա­տիպ կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն: Հա­մո­զո­ւած եմ, որ մեր ու­սա­նող­նե­րը ոչ միայն հրա­շա­լի փորձ ձեռք կը բե­րեն, այլ նաեւ գո­հու­նա­կու­թիւն կը ստա­նան ու­սում­նա­ռու­թե­նէն եւ հոս բնա­կե­լէն»,- նշած է Ճոն Փա­տը­ֆուտ։