­31 Օ­գոս­տո­սին Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի Կեդ­րո­նա­կան Գ­րա­սե­նեա­կի «Ք­րիս­տա­փոր Մի­քա­յէ­լեան» կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դի­պում՝ Հա­յաս­տա­նի մօտ Ար­ժան­թի­նի դես­պան Կոն­զա­լօ Ուր­րիո­լա­պէի­թիա­նի եւ Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հ­րանդ Մար­գա­րեա­նի մի­ջեւ: Հան­դի­պու­մին մաս­նակ­ցած է նաեւ Հ.Յ.Դ. Հա­յաս­տա­նի Գե­րա­ գոյն Մար­մի­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ա­ղո­ւան Վար­դա­նեան:

Հան­դի­պու­մին նա­խա­ձեռ­նած էր դես­պա­նը` Հա­յաս­տա­նի կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն հետ ծա­նօ­թաց­ման տե­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ծի­րին մէջ:

Հ­րանդ Մար­գա­րեան ամ­փոփ գի­ծե­րու մէջ ներ­կա­յա­ցու­ցած է Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թեան հա­մաշ­խար­հա­յին կա­ռոյցն ու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը` գնա­հա­տե­լով Ար­ժան­թի­նի դրա­կան կե­ցո­ւած­քը հայ ժո­ղո­վուր­դին վե­րա­բե­րող հար­ցե­րուն նկատ­մամբ:

Ան նաեւ շեշ­տը դրած է հայ-ար­ժան­թի­նեան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ա­ւե­լի խո­րաց­նե­լու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րուն եւ կա­րե­ւո­րու­թեան վրայ:

Ա­ղո­ւան Վար­դա­նեան իր կար­գին ներ­կա­յա­ցու­ցած է Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գի ներ­կա­յի գլխա­ւոր հար­ցին` սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րուն առն­չու­թեամբ Հ.Յ.Դ. տե­սա­կէ­տը եւ հաս­տա­տած, որ Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը այդ կե­ցո­ւած­քը ու­նե­ցած է 25 տա­րի ա­ռաջ:

Իր խօս­քին մէջ դես­պա­նը գնա­հա­տած է Ար­ժան­թի­նի հայ գա­ղու­թին դե­րը հայ-ար­ժան­թի­նեան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման ի­մաս­տով` կա­րե­ւոր նկա­տե­լով կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն եւ խորհր­դա­րա­նա­կան խմբակ­ցու­թիւն­նե­րուն դե­րը` միջ-պե­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման մէջ:

Ան ընդգ­ծած է, որ Ար­ժան­թին ընդ­հան­րա­պէս կը փոր­ձէ հա­ւա­սա­րակշ­ռո­ւած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն վա­րել իր ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ եւ միշտ ալ կա­րե­ւոր կը նկա­տէ սկզբուն­քա­յին մօ­տե­ցում­նե­րը:

Հան­դի­պու­մը ա­ւար­տած է Հա­յաս­տա­նի մէջ Ար­ժան­թի­նի դես­պա­նա­տան եւ Հ.Յ.Դ. կա­ռոյց­նե­րուն մի­ջեւ կա­պե­րը շա­րու­նա­կե­լու պայ­մա­նա­ւո­րո­ւա­ծու­թեամբ:

Տե­սակ­ցու­թեան ներ­կայ ե­ղած են նաեւ Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ան­դամ Կի­րօ Մա­նո­յեան եւ Ար­ժան­թի­նի դես­պա­նա­տու­նէն նա­խա­րար Ատ­րիա­նա Թ­րոթ­թան: