Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հասարակութեան հետ կապերու եւ տեղեկատուութեան վարչութեան պետ Արթուր Բաղդասարեան, «Արմէնփրես»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, յայտնած է, որ Հայաստանի աւելի քան 10 հազար երիտասարդներ 1 Սեպտեմբերին առաջին անգամ ըլլալով մուտք պիտի գործեն բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններ:
«10 հազար 895 դիմորդ իրաւունք է ստացել կրթութիւն ստանալու Հայաստանի պետական եւ ոչ-պետական բուհերի բակալաւրիատում:
1645 դիմորդներ անվըճար, իսկ 8058ը վճարովի եղանակով իրենց կրթութիւնը կը շարունակեն մագիստրատուրայում: Մագիստրատուրայում հեռակայ սովորելու համար 2335 վճարովի տեղ է յատկացուել: 140 մագիստրոսներ անվճար հիմունքներով կը շարունակեն իրենց կրթութիւնն ասպիրանտուրայում»,- յայտնած է Արթուր Բաղդասարեան:
Ըստ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կայքին՝ Հայաստանի մէջ կայ 24 պետական բարձրագոյն կրթական հաստատութիւն, սակայն այս թիւին մէջ չեն ներառուած անոնց մասնաճիւղերը, որոնք կը գտնուին մարզերուն մէջ։