28 Օգոստոսին Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Երուանդ Զախարեան ընդունած է Իրան-Հայաստան 400 քվ. ելեկտրականութեան երրորդ գիծի գլխաւոր կապալառու, «Սանիր» ընկերութեան տնօրէն Պահման Սալեհիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Նախարարութեան լրատուական ծա ռայութեան համաձայն՝ «Սանիր» ընկերութեան տնօրէնը տեղեկացուցած է, որ յառաջիկայ օրերուն Հայաստան պիտի տեղափոխուի այս գիծի շինարարութեան համար անհրաժեշտ ապրանքներու եւ սարքաւորումներու առաջին մասը՝ նշելով, որ շինարարական աշխատանքները պիտի կատարուին ժամանակացոյցին համաձայն: Նախարար Երուանդ Զախարեան՝ ընդգծելով ծրագրին կարեւորութիւնը երկու երկիրներու ելեկտրական համակարգին համար, նշած է, որ ծրագիրը պէտք է իրականացուի բարձր որակով եւ սահմանուած ժամանակաշրջանին: Նախարարը նշած է նաեւ, որ ծրագրի իրականացման ընթացքին գլխաւոր կապալառուին պիտի ցուցաբերուի ամէն տեսակ աջակցութիւն՝ շինարարութիւնը պատշաճ կերպով աւարտին հասցընելու համար: Տեղեկացնենք, որ 12 Օգոստոսին «Սանիր» ընկերութեան եւ «Բարձրավոլտ Ելեկտրացանցեր» ընկերութեան միջեւ ստորագրուած է Իրան-Հայաստան 400 քվ. երրորդ գիծի եւ համապատասխան ենթակայանի կառուցման ծրագրի շինարարութեան վերաբերեալ համաձայնագիր: Նախատեսուած է, որ աշխատանքները աւարտին 24 ամիսէն։ Իրան-Հայաստան 400 քվ. ելեկտրականութեան երրորդ գիծի շինութեան աշխատանքները պիտի սկսին
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
28 Օգոստոսին Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Երուանդ Զախարեան ընդունած է Իրան-Հայաստան 400 քվ. ելեկտրականութեան երրորդ գիծի գլխաւոր կապալառու, «Սանիր» ընկերութեան տնօրէն Պահման Սալեհիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Նախարարութեան լրատուական ծա ռայութեան համաձայն՝ «Սանիր» ընկերութեան տնօրէնը տեղեկացուցած է, որ յառաջիկայ օրերուն Հայաստան պիտի տեղափոխուի այս գիծի շինարարութեան համար անհրաժեշտ ապրանքներու եւ սարքաւորումներու առաջին մասը՝ նշելով, որ շինարարական աշխատանքները պիտի կատարուին ժամանակացոյցին համաձայն: Նախարար Երուանդ Զախարեան՝ ընդգծելով ծրագրին կարեւորութիւնը երկու երկիրներու ելեկտրական համակարգին համար, նշած է, որ ծրագիրը պէտք է իրականացուի բարձր որակով եւ սահմանուած ժամանակաշրջանին: Նախարարը նշած է նաեւ, որ ծրագրի իրականացման ընթացքին գլխաւոր կապալառուին պիտի ցուցաբերուի ամէն տեսակ աջակցութիւն՝ շինարարութիւնը պատշաճ կերպով աւարտին հասցընելու համար: Տեղեկացնենք, որ 12 Օգոստոսին «Սանիր» ընկերութեան եւ «Բարձրավոլտ Ելեկտրացանցեր» ընկերութեան միջեւ ստորագրուած է Իրան-Հայաստան 400 քվ. երրորդ գիծի եւ համապատասխան ենթակայանի կառուցման ծրագրի շինարարութեան վերաբերեալ համաձայնագիր: Նախատեսուած է, որ աշխատանքները աւարտին 24 ամիսէն։