28 Օգոստոսի առաջին ժամերուն (1:40), Լեռնային Ղարաբաղի արեւելեան սահմանին վրայ, ատրպէյճանական բանակի 20-25 հոգինոց յատուկ ջոկատ մը ներթափանցման հերթական փորձ կատարած է: Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն, Լ.Ղ.Հ.բանակի սահմանապահները յաջողութեամբ կասե ցուցած են այս փորձը եւ ետ մղած են յատուկ ջոկատայինները:
Նոյն աղբիւրը նշած է, որ 27էն 28 Օգոստոս լուսցող գիշերը ատրպէյճանական կողմը տարբեր զինատեսակներով զինադադարի պահպանման դրութիւնը խախտած է մօտաւորապէս 110 անգամ` արձակելով աւելի քան 2000 կրակոց: Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հաստատէ, որ հայկական ուժերը պիտի շարունակեն իրենց վստահուած առաքելութիւնը կատարել: