Հ.Յ.Դ.Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ընդլայնուած նիստը տեղի ունեցաւ 28 Օգոստոսին: Կը մասնակցէին նաեւ Հ.Յ.Դ.Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, Բիւրոյի այլ անդամներ, կուսակցութեան յայտնի դէմքեր:
Օրակարգի վրայ կար հիմնական մէկ հարց` սահմանադրական բարեփոխումները, անոնց նկատմամբ Հ.Յ.Դ.ի մօտեցումներն ու կատարելիք աշխատանքները: Հ.Յ.Դ.Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան ներկայացուց սահմանադրութեան նախագիծին շուրջ կատարուող քննարկումներուն ընթացքը, մասնաւորապէս անդրադառնալով Հ.Յ.Դ.ի առաջարկներուն` թղթածրարին եւ վերջնական տարբերակին մէջ տեղ գտած փոփոխութիւններուն վերաբերեալ:
Հ.Յ.Դ.Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան ներկայացուց սահմանադրութեան նախագիծին մէջ արտացոլացող յատկապէս այն ամրագրումները, որոնք Դաշնակցութեան համար արժեհամակարգային եւ գաղափարական հիմնարար արժէքներ են:
Հ.Յ.Դ.Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան` կարեւոր նկատելով սահմանադրութեան բարեփոխման անհրաժեշտութիւնը ինքնիշխանութեան, երկրին մէջ արմատական, համակարգային փոփոխութիւններ ու զարգացող կայունութիւն ապահովելու, ինչպէս նաեւ իշխանութեան ճիւղերու տարանջատման ու հակակշռելիութեան ապահովման տեսակէտէ, անդրադարձաւ Հ.Յ.Դ.ի քարոզչութեան ու Հ.Յ.Դ.ի առաջարկներուն շուրջ հետեւողական ու բովանդակային քննարկում ծաւալելու խնդիրին: Ժողովին մասնակիցները կարեւոր նկատեցին սահմանադրութեան բարեփոխման շուրջ առաւելագոյն համախոհութեան մթնոլորտի ձեւաւորումը` քարոզչական աշխոյժ արշաւի նախաձեռնելու անհրաժեշտութիւնը ընդունելով: Նիստին մասնակիցները ներկայացուցին նաեւ առաջարկներ` քարոզարշաւի կազմակերպման ռազմավարական ու մարտավարական խնդիրներուն շուրջ: Ներկաները անգամ մը եւս հաստատեցին, որ Դաշնակցութիւնը վճռականօրէն պիտի պաշտպանէ սահմանադրական բարեփոխումները: