­Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ, Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի Հ.Յ.Դ. խմբակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Ար­մէն Ռուս­տա­մեան վստահ է, որ Սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն շուրջ քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու մի­ջեւ հա­մե­րաշ­խու­թիւն տե­ղի կ­՛ու­նե­նայ: Այդ մա­սին ան ը­սաւ նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հետ Հ.Յ.Դ. ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ նե­րուն հան­դի­պու­մէն ետք:

«­Նոյ­նիսկ այն քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րը, ո­րոնք կը յայ­տա­րա­րէին, թէ պի­տի չհան­դի­պին, կը հան­դի­պին, եւ այդ մէ­կը լաւ է: Ես հեգ­նան­քով կամ այլ մտքով չեմ ը­սեր: Ես ու­րախ եմ, որ կը հասկ­նան, որ ե­թէ երկ­րին մէջ կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն տե­ղի կ­՛ու­նե­նայ եւ քա­ղա­քա­կան ուժ մը ինք­զինք դուրս կը դնէ այդ հո­լո­վոյ­թէն, այդ մէ­կը լուրջ քա­ղա­քա­կան ուժ չէ»,- ը­սաւ Ար­մէն Ռուս­տա­մեան` ա­ւելց­նե­լով, որ ի­րենք ամ­բող­ջու­թեամբ կը սա­տա­րեն իշ­խա­նու­թեան, ո­րով­հե­տեւ այդ մէ­կը կը բխի ի­րենց մօ­տե­ցում­նե­րէն: Թիւ­րըմբռ­նում է, թէ մենք իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն ը­սա­ծին է, որ կը սա­տա­րենք:

Այս պա­րա­գա­յին ճիշդ հա­կա­ռակն է, մենք ե­ղած ենք ը­սող­նե­րը, կա­մաց-կա­մաց իշ­խա­նու­թիւ­նը ե­կած է այդ եզ­րա­կա­ցու­թեան, եւ մենք տրա­մա­բա­նօ­րէն նոյն դաշ­տին մէջ յայտ­նո­ւած ենք, ո­րով­հե­տեւ նոյն նպա­տա­կը կը հե­տապնդենք այդ հար­ցին մէջ»,- ը­սաւ Ար­մէն Ռուս­տա­մեան:

Ան շատ ու­րախ է, որ կա­րե­լի ե­ղա­ծին չափ շատ քա­ղա­քա­կան ու­ժեր կա­ռու­ցո­ղա­կան դիր­քո­րո­շու­մի կու գան այս հար­ցին վե­րա­բե­րեալ. «­Պար­զա­պէս մեր­ժել, պոյ­քո­թի են­թար­կել բան մը, որ գի­տես, թէ ի վեր­ջոյ պի­տի ըն­դու­նո­ւի եւ դուն պէտք է ապ­րիս այդ կար­գե­րուն մէջ, կա­րե­լի չէ այդ մէ­կը ար­հա­մար­հել, սա լուրջ մօ­տե­ցում չէ»: Ար­մէն Ռուս­տա­մեան նաեւ ը­սաւ, որ ի­րենք «ոչ» կ­՛ըսեն իշ­խա­նու­թեան վե­րարտադրման.- «­Մենք իշխա­նու­թեան վե­րար­տադր­ման ար­մատ­նե­րը ար­մա­տա­խիլ կ­՛ը­նենք այս սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն մի­ջո­ցով»: