Երեւանի քաղաքապետարանի ենթակայութեան եւս 50 դպրոցի մէջ այս ուսումնական տարին պիտի դասաւանդուի «ազգային երգ ու պար» դասանիւթը: Այս մասին, ըստ Armenpress.amի, լրագրողներու հետ կայացած զրոյցին, յայտնած է Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի հանրակրթութեան վարչութեան պետ Գայիանէ Սողոմոնեան: «Այս ծրագիրը 2014-15 ուսումնական տարում մուտք գործեց դպրոց: Այն իրականացուեց 10 դպրոցներում: Յաջողութիւն արձանագրուեց, եւ պիլոտային (pilot) ծրագիրը կեանքի կոչուեց: Այս ուսումնական տարում մայրաքաղաքի եւս 50 դպրոցներում կը դասաւանդուի «ազգային երգ ու պար»ը»,- նշած է Գայիանէ Սողոմոնեան: Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի հանրակրթութեան վարչութեան պետին խօսքով, այս օրերուն Երեւանի թիւ 20 դպրոցին մէջ կը վերապատրաստուին նշեալ նիւթը դասաւանդող ուսուցիչները: «Մինչեւ Սեպտեմբերի 1ը կ’աւարտուեն վերապատրաստումները, եւ նրանք գիտելիքներով զինուած կը մտնեն դպրոց` դասաւանդելու»,- աւելցուցած է Գայիանէ Սողոմոնեան:
Հ.Հ. կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան Յուլիս 2ին հրաման ստորագրած է 2015-¬2016 ուսումնական տարուընէ «ազգային երգ ու պար» դասանիւթը Հայաստանի Հանրապետութեան եւս 100 հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւններու մէջ ներդնելու վերաբերեալ: «Ազգային երգ ու պար» դասանիւթը հանրապետութեան 13 դպրոցներու մէջ ներդրուած է 2014 -2015 ուսումնական տարուան սկիզբը: Առարկային ուսուցումը նախատեսուած է միջին դպրոցի մէջ, դասաւանդումը կը սկսի հինգերորդ դասարանէն եւ կ՚աւարտի եօթներորդ դասարանին: