Սահմանադրական բարեփոխումներու յանձնախումբը կը տեսակցի Վենետիկի Յանձնաժողովին հետ
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Հայաստանի սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբը այս ամսուան աւարտին կրկին պիտի տեսակցի Վենետիկի Յանձնաժողովին հետ` քննարկելու համար նոր նախագիծը: Այս մասին հարցազրոյցի մը մէջ ըսաւ բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբի անդամ Հրայր Թովմասեան: «Վենետիկի յանձնաժողովը կը փաստէ, որ ակնյայտ է քաղա քական, իրաւական եւ մշակոյթի աճ, որ ողջունելի է անոնց կողմէ: Յանձնաժողովի անդամները անուղղակի կ՛արձանագրէին այս փաստը: Պէտք է նշել նաեւ, որ Վենետիկի Յանձնաժողովի անդամները գործընկերներ են մեզի համար: Մենք պէտք է կարենանք անոնց փորձը օգտագործել»,- ըսաւ Հրայր Թովմասեան: Ըստ անոր, Վենետիկի յանձնաժողովին հետ համագործակցութիւնը խորհրդակցական բնոյթ ունի եւ Օգոստոսի վերջաւորութեան կրկին պիտի հանդիպին: