Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի բարեկամներու, պոսթընաբնակ երկու հայուհիներու` Մարիա եւ Պէաթրիս Ղրտեաններու կողմէ եւ Մատենադարանի տնօրինութեան նախաձեռնութեամբ ստեղծուած է «Մաշտոց» Հայ Մշակոյթի Պահպանման եւ Զարգացման Հիմնադրամը: Այս մասին, ըստ Armenpress.amի, տեղեկացուցած են Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի միջազգային կապերու բաժինէն։
Այս տարուան Ապրիլ 10ին Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանի եւ Հիմնադրամի համանախագահներ Մարիա եւ Պէաթրիս Ղրտեաններու միջեւ ստորագրուած է «Մաշտոց» Հիմնադրամի ստեղծման պայմանագիրը, որ նոր ուղիներ կը բանայ Մատենադարանի կրթական, գիտական եւ մշակութային ծրագիրներու առաւել ընդլայնման ու զարգացման համար:
Հիմնադրամի կարեւորագոյն խնդիրներէն են Մատենադարանի ծիրէն ներս իրենց գործունէութիւնը ծաւալող երիտասարդ գիտնականներու, ինչպէս նաեւ ասպիրանտներու, հայցորդներու գիտական, ստեղծագործական, կրթական գործընթացի արդիւնաւէտ ապահովումը, աջակցումն ու խթանումը եւ երիտասարդ գիտնականներու ներգրաւումը գիտաուսումնական, գիտահետազօտական աշխատանքներու մէջ: «Մենք շատ կը սիրենք ճանապարհորդել, շրջագայած ենք շատ-շատ երկիրներ, բայց այստեղ ամէն ինչ հարազատ է: Մատենադարանին մէջ մենք մեզ զգացինք ինչպէս հարազատ օճախի մէջ, տեսանք, շփուեցանք շատ երիտասարդներու հետ: Ուրախ ենք տեսնելու երիտասարդ գիտնականներու աշխոյժ ներգրաւուածութիւնը ձեր աշխատանքներուն: Մենք բարձր կը գնահատենք ձեր կատարած աշխատանքը, եւ ի սրտէ կը մաղթենք, որ այս հիմադրամը ծառայէ երիտասարդ գիտնականներու գիտելիքներու եւ հմտութեան համալրման ուղղուած ծրագիրներուն»,-- ըսած է Պէաթրիս Ղրտեան` նշելով, որ Հիմնադրամը ստեղծուած է այդ իսկ նպատակով: Մէկ տարի առաջ` 2014ի Հոկտեմբերին հայրենիք ժամանած Մարիա եւ Պէաթրիս Ղրտեանները Մատենադարանին նուիրաբերած են իրենց ընտանիքին պատկանող տպագիր եւ ձեռագիր գիրքերու ճոխ հաւաքածուն (հինգ ձեռագիր, որոնցմէ մէկը 17րդ դարուն գրուած Աստուածաշունչ մատեան է, իսկ միւս չորսը արաբատառ ձեռագրեր, եւ շուրջ 144 կտոր հնատիպ գիրքեր` մեծ մասամբ 17-18րդ դարերու հայ գրքարուեստի երախայրիքներ): Բացի վերոյիշեալ հազուագիւտ գիրքերէն, վերջերս Մատենադարան հասած է նաեւ Ղրտեան քոյրերու կողմէ նուիրաբերուած պատմամշակութային արժէք ներկայացնող հայկական երկու թանկարժէք գորգ: Մատենադարանի ֆոնտերը հարստացուցած այս կարեւոր հաւաքածուն, նուիրատուներու ցանկութեամբ Մատենադարանին յանձնուած է ի յիշատակ իրենց վաղամեռիկ եղբօր` մասնագիտութեամբ բժիշկ Ռուբէն Ղրտեանի: «Հիմա, որ այդ բոլորը իրենց ապահով տեղը գտան, հանգստացանք, Ռուբէնի սիրտն ալ հանգստացաւ»,- ըսած են Ղրտեան քոյրերը: Այսպէս, մէկ տարուան նախապատրաստական աշխատանքներէն յետոյ պաշտօնապէս բացուած է նաեւ Ղրտեան ընտանիքի կողմէ ստեղծուած Հիմնադրամը: Ներկայիս Մատենադարանի մէջ կ՝իրականացուին բազմաթիւ գիտամշակութային, կրթական ծրագիրներ: