Օգոստոս 3ին Հ.Հ. սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Արի Տուն» ծրագիրի վեցերորդ փուլի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Իր շնորհակալական խօսքին մէջ Րաֆֆի Պետրոսեան նշեց.- «Ուրախ եմ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը ընդառաջեց մեր ցանկութեան եւ սփիւռքի նախարարութիւնը սիրով ընդունեց Տերսիմէն ու Տիարպեքիրէն հայրենիք եկած խումբը: Այս այցելութիւնը կ’օգնէ անոնց ճանչնալու իրենց արմատները, ծանօթանալու Մայրենիին եւ իրենց պապերու հաւատքին` քրիտոնէութեան, վերադառնալու իրենց ազգային ինքնութեան: Այս շարժումը աւելի պիտի զօրանայ»: Նախարարը, աւանդոյթի համաձայն, «Արի Տուն» ծրագիրի մասնակիցի շապիկ հագցուց 15ամեայ Ադամ Ադամեանին: «Արի Տուն» ծրագիրի վեցերորդ փուլի մասնակիցներուն ողջունեց նաեւ Վանաձորի դրամատիկական թատրոնի դերասան, ասմունքող Ջիւան Սարգսեան: «Մենք քիչ ենք, սակայն մեզ հայ են ասում» բանաստեղծութեան անոր կատարումը բուռն ծափերու արժանացաւ:
Ելոյթ ունեցաւ «Վալենսիա» համալիրի նուագախումբը: Ազգային երաժշտութեան հնչիւններու ներքոյ արիտունցիները ուրախ շուրջպար բռնեցին:
«Արի Տուն» ծրագիրի 6րդ փուլին մասնակցելու համար Հայաստան ժամանած է 197 երիտասարդ 17 երկրէ` Ռուսաստանէն, Ուքրանիայէն, Թուրքմէնստանէն, Ղրղզստանէն, Մեծն Բրիտանիայէն, Փորթուկալէն, Պելճիգայէն, Հոլանտայէն, Սպանիայէն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Ա.Մ.Ն.էն, Արժանթինէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն, Իրանէն, Թուրքիայէն: