Ազգային ժողովը  երէկ մերժեց Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ներկայացուցած՝ «Նուազագոյն աշխատավարձի մասին» եւ «Եկամտահարկի մասին» օրէնքներուն մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին նախագիծը։

Նուազագոյն աշխատավարձի բարձրացում նախատեսող այս օրինագիծի քուէարկութենէն առաջ հանդէս եկած էր «Հանրապետական»  խմբակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեանը, յայտարարելով, որ համախոհական խմբակցութիւնը պիտի չմասնակցի քուէարկութեան:
«Մեր մօտեցումը դրական է, բայց քուէարկութեան դէպքում “կողմ” չենք քուէարկի»,- ըսած է ան, առաջարկելով ետ վերցնել նախագիծը։
ՀՅԴ խմբակցութեան կողմէ Արտաշէս Շահպազեանը առաջարկած է առաջին ընթերցմամբ ընդունիլ նախագիծը, եւ մինչեւ երկրորդ ընթերցում՝ զրուցել  եւ քննարկել այն։ Նոյնպէս ՀՅԴ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանը յիշեցուցած է, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախընտրական խոստումներուն մէջ, ինչպէս նաեւ կառավարութեան ծրագրին մէջ առկայ են առաջարկուող օրինագիծի տրամաբանութիւնն ու փիլիսոփայութիւնը։ Ան նկատած է, որ Հայաստանի մէջ չկայ միասնական քաղաքականութիւնն նուազագոյն աշխատավարձքի մասին: Ըստ Մինասեանի, այսօր կը խախտուի ՀՀ Սահմանադրութիւնը, որուն մէջ կը նշուի, որ իւրաքանչիւր աշխատող պէտք է ստանայ արդար աշխատավարձ: ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւորի համոզմունքով՝ անհրաժեշտ է նուազագոյն աշխատավարձքը սահմանել միջին աշխատավարձքի 60 տոկոսի չափով: Դաշնակցական պատգամաւորը նշեց, որ գործադիրի տուեալներով, աշխատավարձքերը 50 տոկոսի չափով բարձրացնելը կառավարութեան վրայ պիտի արժէ 153.4 միլիառ դրամ.:
«Սա հեքիաթային է, քանի որ մենք առաջարկում ենք բարձրացնել ոչ թէ բոլոր կարգի աշխատավարձերը, այլ նուազագոյն աշխատավարձը: Մեր հաշուարկով՝ պահանջուող գումարը չի գերազանցի 34 միլիառ դրամը», պարզաբանեց ան:
Արծուիկ Մինասեան նկատեց, որ ՀՀԿն իր նախընտրական ծրագիրով նուազագոյն աշխատավարձքը խոստացած էր սահմանել 45 հազար դրամ: «Նոյնիսկ իր խոստումը չի կատարել կառավարութիւնը», արձանագրեց դաշնակցական պատգամաւորը:

Հանրապետականները, սակայն, պնդած են, որ կառավարութիւնը առաջարկուող ուղիով երթալու  միջոցները չունի, եւ իրենք քուէարկութեան չեն մասնակցած: 
Այսուհանդերձ, նախագիծը քուէարկութեան դրուած՝  եւ մերժուած է ստանալով ընդամէնը 14 «կողմ» քուէ։

 

Հայաստանի Մէջ Աղքատութիւնը 34 Տոկոսի Կը Հասնի

Նոյեմբեր 15ի Ազգային ժողովին, Հայաստանի ելեւմուտքaի նախարար Վաչէ Գաբրիէլեան պատասխանելով պատգամաւոր  Արմէն Մարտիրոսեանի դիտարկման, թէ Հայաստանի մէջ աղքատութիւնը 60 տոկոսի կը հասնի՝ նշեց, թէ այդ խօսակցութիւնները ճշգրիտ չեն եւ թէ աղքատութիւնը Հայաստանի մէջ կը կազմէ 34 տոկոս:
Անդրադառնալով 34 տոկոսի հասնող աղքատութիւնը վերացընելու կառավարութեան ջանքերուն՝ նախարարը յայտնեց. «Առաջին՝ մենք 10 տոկոսով աւելացնում ենք կենսաթոշակները: Երկրորդ՝ 10 տոկոսով աւելացնում ենք նաեւ նպաստները, իսկ ցածր աշխատավարձերի խնդիրը լուծելու համար ներառում ենք սոցիալական փաթեթ»:
Վաչէ Գաբրիէլեան նաեւ աւելցուց, որ հասարակական իրավիճակի մեղմացման միտող  մնացեալ քայլերը առաւելաբար կախեալ են երկրի տնտեսական կայունութենէն։