Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքական հարցերու ներկայացուցիչ Քաթրին Աշթոն Պաքու եւ Թիֆլիս այցելելէ ետք, երէկ երեկոյեան ժամանեց Երեւան:

Եւրոպական Միութեան բարձրապաշտօն պաշտօնակատարը ընդունուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ: Հանրապետութեան ղեկավարը ողջունեց այցելութիւնը եւ նշեց, որ Հայաստանը կարեւոր կը նկատէ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու ամրապնդումն ու շարունակական խորացումը: Նախագահը գոհունակութեամբ նշեց, որ վերջին շրջանին մէջ  զգալիօրէն աշխուժացած է երկխօսութիւնը ԵՄ գործընկերներուն հետ, թէ երկկողմ, թէ ալ բազմակողմ ձեւաչափերով:
Սերժ Սարգսեանի խօսքով, Վարշավայի մէջ կայացած Արեւելեան գործընկերութեան երկրորդ գագաթնաժողովի ընթացքին Քաթրին Աշթոնի հետ կայացած հանդիպումը լաւ առիթ էր յառաջիկայ ընելիքներուն շուրջ մտքեր փոխանակելու եւ համագործակցութեան ոլորտները ուղենշելու համար: Ընդգծելով, որ Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու զարգացումը համընդհանուր արժէքներու վրայ հիմնուած համագործակցութեան ընդլայնման գործընթաց է, նախագահը ըսաւ. «Մեր նպատակը շատ  յստակ է, եւ բազմաթիւ անգամ յայտարարած ենք, որ Հայաստանի ապագան կը տեսնենք որպէս եւրոպական չափանիշներով կառուցուած բարեկեցիկ երկիր եւ հաստատուն գնալու ենք այդ ճանապարհով»:
Քաթրին Աշթոնը նշած է, որ ուրախութեամբ կÿարձանագրէ այն առաջընթացը, որ նկատելի է Հայաստան-Եւրոմիութիւն երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ: ԵՄ արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչը կարեւորած է Հայաստան-ԵՄ ամրապնդուող յարաբերությունները եւ բարձր գնահատած է այն աշխատանքը, որ կը կատարուի ի նպաստ երկկողմ համագործակցութեան զարգացման:
Հանդիպման մասնակիցները անդրադարձած են նաեւ Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն՝ այն դիտարկելով որպէս Եւրոմիութեան հետ ծաւալուող համագործակցութեան մաս: