Հա­մա­հայ­կա­կան ա­մառ­նա­յին 6րդ ­Խա­ղե­րու բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նակ­ցե­լու նպա­տա­կով ­Թուր­քիա­յէն ­Հա­յաս­տան ե­կած պա­տո­ւոյ հիւ­րե­րը, ­Հա­մա­հայ­կա­կան ­Խա­ղե­րու ­Հա­մաշ­խար­հա­յին ­Կո­մի­տէի նա­խա­գահ Իշ­խան ­Զա­քա­րեա­նի եւ գոր­ծա­դիր խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն հետ, Օ­գոս­տոս 3ին այ­ցե­լե­ցին ­Ծի­ծեռ­ նա­կա­բեր­դի յու­շա­կո­թող եւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու թան­գա­րան-հիմ­նարկ: ­Պա­տո­ւի­րա­կու­թեան կազ­մին մէջն էին ­Վա­նի քա­ղա­քա­պետ ­Պե­քիր ­Քա­յա, ­Վա­նի հա­մա­քա­ղա­քա­պետ ­Հա­թի­ճէ ­Չո­պան, ­Պիթ­լի­սի քա­ղա­քա­պետ ­Հիւ­սէին Օ­լան, ­Մու­շի քա­ղա­քա­պետ Էօզ­քան ­Պիր­լիք, ­Նոր­շէ­նի քա­ղա­քա­պետ Է­մին Էօզ­քան, ­Տիգ­րա­նա­կեր­տի ­Սու­րի քա­ղա­քա­պետ ­Ֆաթ­մա ­Շըք ­Պա­րութ եւ այլ բարձ­րաս­տի­ճան ան­ձեր: ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան-հիմ­նար­կի նո­րա­բաց ցու­ցաս­րա­հին մէջ ա­նոնց ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան բա­ցա­ռիկ ցու­ցան­մոյշ­ներ, լու­սան­կար­ներ եւ տա­րեգ­րու­թիւն­ներ: ­Պա­տո­ւի­րակ­նե­րը ա­պա ծա­ղիկ­ներ զե­տե­ղե­ցին եւ գլուխ խո­նար­հե­ցին ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կը յա­ւեր­ժաց­նող ան­մար կրա­կին մօտ: Այ­ցե­լու­թեան ա­ւար­տին պա­տո­ւոյ հիւ­րե­րը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­ցին կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն եւ թան­գա­րա­նի անձ­նա­կազ­մին` նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պե­լու գոր­ծին մէջ ի­րենց ներդ­րած ջան­քե­րուն հա­մար: