Զեկոյցին համաձայն՝ Երկիր մոլորակի բնակչութիւնը 2100 թուականին պիտի հասնի 11,213 միլիառի: Յատկանշական է, որ մինչեւ 2050 թուական մոլորակի բնակչութեան աճը պիտի ապահովեն 9 երկիրներ՝ Հնդկաստան, Նիճերիա, Փաքիստան, Քոնկօ, Եթովպիա, Միացեալ Նահանգներ, Ինտոնեզիա, Ուկանտա եւ Թանզանիա։
Ըստ զեկոյցի մասնագէտներուն՝ ամէնէն արագ աճող տարածքը կը նկատուի Ափրիկէն, քանի որ 2100 թուականին այս տարածաշրջանի բնակչութեան թիւը պիտի կրկնապատկուի, մինչ, ըստ կանխատեսումներուն, Ասիոյ բնակչութեան թիւը պիտի նուազի՝ 2050 թուականի 5,26 միլիառին փոխարէն 2100ին ունենալով 4,88 միլիառ բնակիչ: 2022 թուականին, Մ.Ա.Կ.ի կանխատեսումներով, Հնդկաստան պիտի դառնայ մոլորակի ամէնէն խիտ բնակչութիւն ունեցող երկիրը, իսկ երկրորդ դիրքին վրայ պիտի ըլլայ Չինաստան: