­­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան Օ­գոս­տոս 3ին ըն­դու­նեց ­Հա­մա­հայ­կա­կան ա­մառ­նա­յին վե­ցե­րորդ ­Խա­ղե­րու կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը, հո­վա­նա­ւոր­նե­րը եւ պա­տո­ւոյ հիւ­րե­րը:
­Նա­խա­գա­հին նստա­վայ­րին մէջ ի պա­տիւ հիւ­րե­րուն տե­ղի ու­նե­ցած ըն­դու­նե­լու­թե­նէն ա­ռաջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ պար­գե­ւատր­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն:
­Հա­մա­հայ­կա­կան վե­ցե­րորդ ­Խա­ղե­րու կազ­մա­կերպ­ման գոր­ծին մէջ ի­րենց ու­նե­ցած նշա­նա­կա­լի ներդ­րու­մին հա­մար, հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի հրա­մա­նա­գիր­նե­րով խումբ մը ան­ձեր պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցան Ե­րախ­տա­գի­տու­թեան շքան­շա­նով:
­Նա­խա­գա­հին կար­գադ­րու­թեամբ խումբ մը ան­ձեր ալ պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցան ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի շնոր­հա­կա­լա­գի­րով` ­Հա­մա­հայ­կա­կան վե­ցե­րորդ ­Խա­ղե­րու նա­խա­պատ­րաստ­ման եւ կա­յաց­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ ի­րենց ու­նե­ցած գոր­ծուն մաս­նակ­ցու­թեան հա­մար: