Օ­գոս­տոս 14ին պի­տի սկսին Լ.Ղ.Հ. Մար­տու­նի քա­ղա­քի 90ա­մեայ յո­բե­լեա­նին նո­ւի­րո­ւած տօ­նա­կան ձեռ­նարկ­նե­րը: Ըստ աղ­բիւ­րին` այդ ըն­թաց­քին պի­տի կազ­մա­կեր­պո­ւին մար­զա­կան ձեռ­նարկ­ներ - կրո­սա­վազք, շրջա­նի լա­ւա­գոյն շախ­մա­տիստ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ ճատ­րա­կի ա­ռաջ­նու­թիւն, մրցում­ներ` ըմբ­շա­մար­տէն, ա­ւան­դա­կան այլ մար­զա­ձե­ւե­րէն, մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­ներ «Իմ Մար­տու­նին շէն մնայ» խո­րա­գի­րով, ինչ­պէս նաեւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ ար­շաւ դէ­պի «­Ղա­րա­չուխ» բար­ձունք, ուր տա­րի­ներ ա­ռաջ տե­ղա­կա­յուած էր Մար­տու­նիի ինք­նա­պաշտ­պա­նա­կան ու­ժե­րու հիմ­նա­կան յե­նա­կէ­տը: Օ­գոս­տոս 15ին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ «­Հին Մար­տու­նի. հա­յեացք ա­պա­գա­յից» լու­սան­կար­նե­րու ցու­ցա­հան­դէս, պի­տի կազ­մա­կեր­պո­ւի շրջա­նա­յին կեդ­րո­նի ման­կա­պա­տա­նե­կան ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կեդ­րո­նի սա­նե­րու աշ­խա­տանք­նե­րու բա­ցօ­թեայ ցու­ցադ­րու­թիւն, ծաղ­կեպ­սա­կադ­րու­թիւն Ար­ցախեան Ա­զա­տա­մար­տին եւ «­Հայ­րե­նա­կան Մեծ Պա­տե­րազմ»ին զո­հո­ւած­նե­րու յու­շար­ձան­նե­րու պա­տուան­դա­նե­րուն, տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ հան­դի­սա­ւոր հա­ւաք, տօ­նա­կան շքերթ Յաղ­թա­նա­կի հրա­պա­րա­կէն մին­չեւ Ե­րե­ւա­նեան այ­գի: Իսկ ե­րե­կո­յեան կը սպասո­ւի տօ­նա­կան հա­մերգ Հ.Հ. եւ Լ.Ղ.Հ. եր­գիչ­նե­րու եւ պա­րա­խում­բե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ, որ պի­տի եզ­րա­փա­կո­ւի շքեղ հրա­վա­ռու­թեամբ:

Ն­շենք նաեւ, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ «Ե­րե­ւա­նեան այ­գի»ի եւ ի յի­շա­տակ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տա­կան Կու­սակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր-նա­խա­գահ Ա­շոտ Նա­ւա­սար­դեա­նի խաչ­քա­րի հան­դի­սա­ւոր բա­ցում: