Շաբաթ՝ 1 Օգոստոսին, դժբախտ պատահար մը տեղի ունեցած է Ծաղկաձորի մէջ: Համահայկական ամառնային 6րդ Խաղերուն մասնակցելու նպատակով Միացեալ Նահանգներէն Հայաստան եկած 20 տարեկան Լեւոն Թոմաս, մինչեւ Համահայկական Խաղերուն պաշտօնական սկիզբը, կարգ մը խմբակիցներու եւ անոնց հարազատներուն հետ հանգիստի նպատակով մեկնած է Ծաղկա ձոր, ուր արկածի ենթարկուելով մահացած է:
Համահայկական Խաղերու Համաշխարհային Կոմիտէն իր խորին ցաւակցութիւնը յայտնած է մահացած երիտասարդի ընտանիքին, հարազատներուն եւ խմբակիցներուն:
Համահայկական Խաղերու Համաշխարհային Կոմիտէն կոչ ուղղած է, այս առիթով, բոլոր մասնակցողներուն եւ հիւրերուն, առաւելագոյն չափով ըլլալու զգոյշ` անձնական նախաձեռնութիւններու ընթացքին եւ զերծ մնալու վտանգ ներկայացնող գործողութիւններէ: