Յու­լիս 27-31, աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցով, Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ գտնո­ւած է Հ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րի ա­ռա­ջին տե­ղա­կալ Դա­ւիթ Տօ­նո­յեա­նի գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը: Դա­ւիթ Տօ­նո­յեան եւ Մ.Ա.Կ.ի Հ.Հ. մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ, դես­պան Զոհ­րապ Մ­նա­ցա­կա­նեան Միա­ցեալ Ազ­գե­րու Կազ­մա­կեր­պու­թեան կեդ­րո­նա­կա­յա­նին մէջ հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցած են Մ.Ա.Կ.ի գլխա­ւոր քար­տու­ղա­րի օ­րէն­քի գե­րա­կա­յու­թեան եւ անվ­տան­գու­թեան կա­ռոյց­նե­րու հար­ցե­րով փոխ-տե­ղա­կալ Տ­միթ­րի Դի­դո­վի եւ Մ.Ա.Կ.ի գլխա­ւոր քար­տու­ղա­րի ռազ­մա­կան գրա­սե­նեա­կի պետ, զօ­րա­վար Ահ­մետ Մ­համ­մե­տի հետ: Հան­դի­պում­նե­րու ըն­թաց­քին քննար­կո­ւած են Մ.Ա.Կ.ի խա­ղա­ղա­պահ ա­ռա­քե­լու­թիւն­նե­րուն Հ.Հ. Պ.Ն. խա­ղա­ղա­պահ ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րու եւ հայ սպա­նե­րու` իբ­րեւ ռազ­մա­կան դի­տորդ ու սպա­ներ մաս­նակ­ցու­թեան առն­չո­ւող հար­ցեր: Հ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րի ա­ռա­ջին տե­ղա­կալ Դա­ւիթ Տօ­նո­յեան նշած է, որ Հա­յաս­տան պի­տի շա­րու­նա­կէ աշ­խու­ժօ­րէն ներգ­րա­ւուած ըլ­լալ մի­ջազ­գա­յին անվը­տան­գու­թեան ա­պա­հով­ման գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն մէջ: Մ.Ա.Կ.ի պաշ­տօ­նա­տար­նե­րը բարձր գնա­հա­տած են հայ խա­ղա­ղա­պահ­նե­րու ծա­ռա­յու­թիւ­նը ԵՈՒՆԻՖԻ­Լի կազ­մին մէջ: