Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան հե­ռա­ձայ­նա­յին հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն մը ու­նե­ցած է Ի­րա­նի ա­ռա­ջին փոխ-նա­խա­գահ Էս­հաղ Ճա­հան­կի­րիի հետ: Զ­րու­ցա­կից­նե­րը քննար­կած են հայ-ի­րա­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու օ­րա­կար­գա­յին շարք մը հար­ցեր: Անդ­րա­դարձ կա­տա­րո­ւած է ա­ռեւտ­րա­կան-տնտե­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ ման ուղ­ղո­ւած միա­ցեալ նա­խա­գի­ծե­րու եւ ծրա­գիր­նե­րու: Այդ շրջա­գի­ծին մէջ, կա­րե­ւոր նկա­տո­ւած է հայ-ի­րա­նա­կան միջ-կա­ռա­վա­րա­կան յանձ­նա­խում­բի գոր­ծու­նէու­թեան աշ­խու­ժա­ցու­մը` երկ­կողմ կա­պե­րու հե­տա­գայ սեր­տաց­ման գոր­ծին մէջ:

Հա­մա­ձայ­նու­թիւն ձեռք բե­րուած է սկսե­լու Ի­րան-­Հա­յաս­տան ե­լեկտ­րա­հա­ղորդ­ման 3րդ բարձր լա­ր­մանի գի­ծի կա­ռուց­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն: Հե­ռա­ձայ­նա­յին հա­ղոր­դակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին Ի­րա­նի ա­ռա­ջին փոխ-նա­խա­գահ Էս­հաղ Ճա­հան­կի­րի վե­րա­հաս­տա­տած է, որ այս տա­րո­ւան ըն­թաց­քին պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ պի­տի այ­ցե­լէ Հա­յաս­տան: Վար­չա­պետ Աբ­րա­հա­մեան եւ Ի­րա­նի ա­ռա­ջին փոխ-նա­խա­գահ Էս­հաղ Ճա­հան­կի­րի անդ­րա­դարձ կա­տա­րած են նաեւ շրջա­նա­յին զար­գա­ցում­նե­րուն առն­չո­ւող այլ հար­ցե­րու: