ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- 1999ին առաջին անգամ երկամեայ հերթականութեամբ կայացած Համահայկական Խաղերը 2007էն ետք սկսան չորսամեայ հերթականութեամբ կազմակերպուիլ: Այս տարի վեցերորդ անգամ կայացող Ողիմպիականին մասնակցութիւնը զգալիօրէն բարձր է բաղդատմամբ նախորդներուն:
Նախապէս միայն Պոլսոյ անունով մասնակցող Թուրքիոյ հայ խումբերը այս տարի աւելի զանազանութիւն կը ներկայացնեն: Առաջին անգամ 2011ի խաղերուն, Պոլսոյ հաւաքականի կողքին բաւական մեծ թիւով մասնակցած էր նաեւ Սասունի հայրենակցական միութիւնը: Այդ մասնակցութիւնը մեծ ոգեւորութիւն ստեղծած էր յատկապէս բացման արարողութեան տողանցքի պահուն: Սասունցիներու այդ յաղթական համարձակութիւնը բարի նախանձ յառաջացուց այլ հայրենակցական միութիւններու մօտ եւս եւ այս տարի, բացի Պոլսոյ եւ Սասունի հաւաքականներէն, Պիթլիս, Տիգրանակերտ (Տիարպէքիր), Տէրսիմ, Վաքըֆլըգիւղ եւ Սամաթիա թաղամասերն ալ զատ խումբերով կը մասնակցին մրցումներուն: Ներկայ դրութեամբ՝ Թուրքիայէն մասնակցողներու թիւը կը հասնի 730ի, որոնց 400ը մարզիկներ եւ մարզիչներ են, իսկ մնացեալը՝ կազմակերպիչներ եւ համակիրներ:
Նշենք, որ հայրենակցական միութիւններու համար բարի նախանձով ընկալուած ըլլալով՝ սասունցիներու յաջողութիւնը ուրիշ շրջանակներուն մեծ անհանգստութիւն պատճառած էր:
Արդարեւ, Համահայկական Խաղերու Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Մաժակ Չաքըր Օհանեան «Ժամանակ» թերթին մէջ, երկու օրեր լոյս տեսնող գրութեամբ մը, փորձած էր խանգարել այլ խումբերու մասնակցութիւնը: Ան յայտարարած էր, թէ յատուկ նամակով պիտի դիմէ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներուն, որպէսզի այս վերջիններս մերժեն Պոլիսէն զատ խումբի մը մասնակցութիւնը:
Ըստ երեւոյթին, Օհանեանի նամակները համոզիչ չեն գտնուած եւ բոլոր խումբերն ալ, արդար հպարտութեամբ, կը ժամանեն Երեւան:
Թուրքիոյ հայոց համար ուրախ հպարտութեան այլ երեւոյթ մըն է սիրուած երգչուհի Սիպիլի մասնակցութիւնը բացման արարողութեան: Շնորհալի երգչուհին, ինչպէս նախորդ խաղերուն, այս տարի ալ կազմակերպիչ յանձնախումբի նախագահ Իշխան Զաքարեանի յատուկ հրաւէրով կը ժամանէ Հայաստան եւ բացման հանդէսի պահուն կը կատարէ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող «Գետաշէն» երգը:

ԱՐԹՕ ԹԷԶԷԼ