«­Սահ­մա­նա­յին մի­ջա­դէ­պե­րու վեր­ջին օ­րե­րու աշ­խու­ժա­ցու­մը, դժբախ­տա­բար, տա­րօ­րի­նակ ե­րե­ւոյթ չէ»,- ը­սաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի մամ­լոյ քար­տու­ղար Դա­ւիթ Բա­բա­յեան` «Եր­կիր»ի հետ զրոյ­ցի մը ըն­թաց­քին: Ըստ ա­նոր, ամ­րան ա­միս­նե­րուն աշ­խու­ժա­ցու­մը Ատր­պէյ­ճա­նի ապ­րե­լա­կերպն է, ո­

րով­հե­տեւ Ատր­պէյ­ճան իր էու­թեամբ ա­հա­բեկ­չա­կան պե­տու­թիւն է եւ կ­՛ը­նէ ա­մէն բան, որ­պէս­զի ձե­ւով մը վա­տու­թիւն ը­նէ հայ ժո­ղո­վուր­դին, եւ ա­տի­կա իր ժո­ղո­վուր­դին ներ­կա­յաց­նէ իբ­րեւ «մեծ յաղ­թա­նակ» պա­տե­րազ­մի դաշ­տին վրայ: «Ատր­պէյ­ճան նաեւ աշ­խոյժ քա­ղա­քա­կան ժա­մա­նա­կաշր­ջան կը մտնէ Հոկ­տեմ­բե­րին, երբ տե­ղի պի­տի ու­նե­նան խորհըր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը: Բա­ցի ատ­կէ, ժո­ղո­վուր­դի ըն­կե­րա­յին վի­ճա­կը այն­տեղ ծանր է, որ­քան ալ փոր­ձեն քո­ղար­կել, ու­րեմն հի­մա ատըր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մը մեծ գու­մար­ներ կը ծախ­սէ քա­րոզ­չու­թեան հա­մար, որ­պէս­զի շե­ղէ բնակ­չու­թեան ու­շադ­րու­թիւ­նը եւ ցոյց տայ, թէ` տե­սէ՛ք, պա­տե­րազ­մի դաշ­տին վրայ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կ­՛ը­նեն ա­մէն բան, կը նո­ւա­ճեն «յաղ­թա­նակ­ներ»,- ը­սաւ Բա­բա­յեան:

Ըստ ա­նոր՝ պահ մը, Եւ­րո­պա­կան Խա­ղե­րուն կապուած, սահ­մա­նին վրայ լա­րո­ւա­ծու­թիւ­նը մեղ­մա­ցած էր, բայց ա­տի­կա չի նշա­նա­կեր, որ ի­րա­վի­ճա­կը փո­խո­ւած է, կամ՝ Ատր­պէյ­ճան կա­ռու­ցո­ղա­կան հու­նի մէջ մտած է:

«­Քա­նի որ Եւ­րո­պա­կան Խա­ղե­րուն ժա­մա­նակ կրա­կոց­նե­րու թի­ւը նո­ւա­զած էր, կը փոր­ձեն ա­տոր տե­ղը հա­նել եւ կը սկսին խախ­տել զի­նա­դա­դա­րը: Մե­զի ա­տի­կա չ­՛ա­հա­բե­կեր, չի կրնար ա­հա­բե­կել: Ա­մէ­նէն լաւ պա­տաս­խա­նը ուժ­գին հա­կա­հա­րո­ւածն է, որն ալ հա­կա­ռա­կոր­դը կը ստա­նայ ա­մէն օր: Ա­յո՛, վատ է, որ զի­նա­դա­դա­րի խախտ­ման պատ­ճա­ռով մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը կը զո­հո­ւին, ա­տի­կա ան­դառ­նա­լի ող­բեր­գու­թիւն է մե­զի հա­մար, բայց ի վեր­ջոյ, ա­տի­կա հայ­րե­նի­քի պաշտ­պա­նու­թիւն է, պէտք է հա­շո­ւի առ­նենք, որ ե­թէ տղա­նե­րը չպաշտ­պա­նեն սահ­մա­նը, ցե­ղաս­պա­նու­թիւն կ­՛ըլ­լայ»,- նշեց Բա­բա­յեան:

Վեր­ջերս Ար­կա­դի Տէր-­Թա­դե­ւո­սեան` Քո­ման­տոս, «Եր­կիր»ի հետ զրոյ­ցի մը ըն­թաց­քին, նշած էր, որ յա­ռա­ջի­կա­յին կը պատ­րաս­տո­ւի այ­ցե­լել Ղա­րա­բաղ, բարձ­րա­նալ դիր­քե­րը եւ քա­ջա­լե­րել զինո­ւոր­նե­րը: Բա­բա­յեան, խօ­սե­լով այս մա­սին, նշեց, որ նման այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը շատ կը նպաս­տեն տղա­նե­րու մար­տա­կան ո­գիի բարձ­րաց­ման: «­Մա­նա­ւանդ` երբ կու գան մար­դիկ, ո­րոնք գոր­ծուն մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցած են պա­տե­րազ­մին մէջ, ապ­րող ա­ռաս­պել­ներ են: Պի­տի ըն­դար­ձա­կո­ւի այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու շրջա­նա­կը` գիտ­նա­կան­ներ, քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ, սփիւռ­քէն մար­դիկ պի­տի գան, որ­պէս­զի ե՛ւ ի­րենք տես­նեն` ի՞նչ է սահ­մա­նը, պատ­կե­րաց­նեն` այդ տղա­նե­րը ա­ռօ­րեայ ինչ հե­րո­սու­թիւն կ­՛ը­նեն, ե՛ւ տղա­նե­րը ո­գե­ւո­րեն»,- ը­սաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի մամ­լոյ քար­տու­ղար Դա­ւիթ Բա­բա­յեան: