Կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը 30 Յու­լի­սի իր նիս­տին ո­րո­շած է, Վար­դե­նիսՄար­տա­կերտ մայ­րու­ղիի երկ­րորդ հանգրո­ւա­նի հիմ­նո­վին նո­րո­գու­թեան հա­մար, իր պա­հես­տա­յին հիմ­նադ­րա­մէն Հա­յաս­տա­նի փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րու եւ կա­պի նա­խա­րա­րու­թեան յատ­կաց­նել 1 մի­լիառ 200 մի­լիոն դրամ, 2015ի 9 ա­միս­նե­րուն: Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պե­տը կա­րե­ւոր նկա­տած է այս ծրա­գի­րը, որ նաեւ պի­տի նպաս­տէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի անվը­տան­գու­թեան ա­պա­հով­ման:

Մայ­րու­ղիի Վար­դե­նի­սի հա­տո­ւա­ծի ա­ռա­ջին հանգրուա­նի նո­րո­գու­թեան նպա­տա­կով 18 Յու­լի­սին ար­դէն իսկ 1 մի­լիառ 540 մի­լիոն դրամ յատ­կա­ցո­ւած էր։ 116 քի­լո­մեթր եր­կա­րու­թիւն ու­նե­ցող Վար­դե­նիսՀա­յաս­տան) – Մար­տա­կերտԼեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ) երկ­րորդ ռազ­մա­վա­րա­կան մայ­րու­ղիի շի­նա­րա­րու­թիւ­նը «­Հա­յաս­տան» Հիմ­նադ­րա­մի Հո­գա­բար­ձու­նե­րու Խոր­հուր­դին կող­մէ հաս­տա­տո­ւած ռազ­մա­վա­րա­կան ծրա­գիր է:

Մայ­րու­ղին, ո­րուն վե­րա­կա­ռու­ցու­մը պի­տի ա­ւար­տի 2016ի սկիզ­բը, Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի մի­ջեւ այ­լընտ­րան­քա­յին կապ պի­տի ա­պա­հո­վէ։ Ա­նի­կա ո՛չ միայն պի­տի աշ­խու­ժաց­նէ ճամ­բու եր­կայն­քով ձգո­ւող 22 փոքր ու մեծ հա­մայնք­նե­րու կեան­քը, այլ նաեւ պի­տի նպաս­տէ եր­կու եր­կիր­նե­րու զբօ­սաշր­ջու­թեան եւ տնտե­սու­թեան զար­գաց­ման: Մայ­րու­ղիի վե­րա­կա­ռուց­ման հա­մար պիւտ­ճէէն նա­խա­տե­սո­ւած է յատ­կաց­նել մօ­տա­ւո­րա­պէս 9 մի­լիառ դրամ: