30 Յու­լի­սին, Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու Ազ­գա­յին Ա­կա­դե­միոյ (Հ.Գ.Ա.Ա.) մէջ, իր աշ­խա­տանք­նե­րը շա­րու­նա­կեց սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան եւ Հ.Գ.Ա.Ա. Հր. Ա­ճա­ռեա­նի ա­նո­ւան լե­զո­ւի հիմ­նար­կի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող «Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի եւ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի մեր­ձեց­ման խնդիր­ներ» նիւ­թով հա­ մա­ժո­ղո­վը:

Նիս­տը վա­րե­ցին սփիւռ­քի նա­խա­րա­րի տե­ղա­կալ Սերժ Ս­րա­պիո­նեան եւ Պէյ­րու­թի «­Բա­գին» ամ­սա­գի­րի գլխա­ւոր խմբա­գիր Յա­կոբ Պա­լեան:

Հր. Ա­ճա­ռեա­նի ա­նո­ւան լե­զո­ւի հիմ­նար­կի սփիւռ­քի բա­ժի­նի ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի խում­բի աշ­խա­տա­կից Սու­սան­նա Տիո­յեան հա­մա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րուն ներ­կա­յա­ցուց Լոս Ան­ճե­լը­սի խում­բին ու­ղեր­ձը (ղե­կա­վար՝ Ար­տեմ Սարգը­սեան): Ող­ջու­նե­լով հա­մա­ժո­ղո­վը կազ­մա­կեր­պե­լու նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը՝ հե­ղի­նակ­նե­րը կ­՛ար­ծար­ծեն ի­րենց պատ­կե­րա­ցու­մով հա­յոց լե­զո­ւի եր­կու ճիւ­ղե­րու մեր­ձեց­ման խնդիր­ներն ու ու­ղի­նե­րը։ Ա­նոնց հա­մա­ձայն՝ մեր­ձե­ցու­մը հիմ­նա­կա­նին մէջ կ­՛առն­չո­ւի բա­ռա­պա­շա­րի ո­լոր­տին, եզ­րա­բա­նու­թեան, նո­րա­բա­նու­թիւն­նե­րու ո­լոր­տին մէջ կի­րա­ռո­ւե­լիք սկզբունք­նե­րուն, ուղ­ղագ­րու­թեան եւ լե­զո­ւա­կան այլ ի­րո­ղու­թիւն­նե­րու:

Ա­նոնք հա­մո­զում յայտ­նած են այն մա­սին, որ գոր­ծըն­թա­ցը պէտք չէ կա­յա­նայ լե­զո­ւի ճիւ­ղե­րէն ո­րե­ւէ մէ­կուն հա­շ­ւոյն: Խում­բը իր պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը յայտ­նած է ա­ջակ­ցե­լու ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի եւ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի մեր­ձեց­ման նպաս­տող նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն։

Սու­սան­նա Տիո­յեան ներ­կա­յա­ցու­ցած է նաեւ իր՝ «Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ու­սում­նա­սի­րու­թեան քա­նի մը հար­ցեր» նիւ­թով զե­կու­ցու­մը: ­Լի­բա­նա­նա­հայ գրող, ման­կա­վարժ, ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն դա­սա­գիր­քե­րու հե­ղի­նակ Յա­րու­թիւն Քիւրք­ճեա­նի «Ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն եւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն լե­զուա­ճիւ­ղեր. Մեր­ձե­ցու­մի կա­րե­լին ու ան­կա­րե­լին» նիւ­թով զե­կու­ցու­մը ըն­թեր­ցեց Փա­րի­զի «­Նոր Յա­ռաջ» թեր­թի խմբա­գիր Ժի­րայր Չո­լա­քեան: Զե­կուց­ման հե­ղի­նա­կը՝ վկա­յա­կո­չե­լով սե­փա­կան փոր­ձա­ռու­թիւ­նը, կը մատ­նան­շէ մեր­ձեց­ման կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք հիմ­նո­ւած են հա­յոց լե­զո­ւի եւ հայ մշա­կոյ­թի ան­վի­ճե­լի միաս­նու­թեան եւ ա­նոր բազ­մա­դա­րեայ պատ­մու­թեան վրայ:

Հ.Պ.Մ.Հ. «Ս­փիւռք» գի­տաու­սում­նա­կան կեդ­րո­նի աշ­խա­տա­կից Ք­նա­րիկ Աբ­րա­հա­մեա­նի զե­կու­ցու­մը կ­՛առն­չո­ւէր հան­րակր­թա­կան դպրո­ցին մէջ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի դա­սա­ւանդ­ման ար­դի մար­տահը­րա­ւէր­նե­րուն, ան ներ­կա­յա­ցուց խնդի­րին վե­րա­բե­րեալ իր դի­տար­կում­նե­րը:

«Այլ կերպ» խա­ղի հե­ղի­նակ­ներ Է­լի­նա Մե­լի­քեան, Ա­նա­հիտ Յա­կո­բեան եւ Սո­ֆիա Խա­չատ­րեան (Ե.Պ.Հ.) պատ­կե­րա­շա­րով ցու­ցադ­րե­ցին մտա­ւոր-ժա­ման­ցա­յին խա­ղե­րու մի­ջո­ցով հա­յե­րէ­նի պահ­պան­ման ու կի­րառ­ման մի­տող ի­րենց ծրա­գի­րը: Հա­յաս­տա­նի հան­րակր­թա­կան դպրոց­նե­րուն մէջ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի դա­սա­ւանդ­ման խնդիր­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ զե­կու­ցու­մով հան­դէս ե­կաւ Ե.Պ.Լ.Հ. դա­սա­խօս Գա­յիա­նէ Գէոր­գեան:

Ե­լոյթ ու­նե­ցան նաեւ սփիւռ­քեան կրթօ­ճախ­նե­րու ու­սու­ցիչ­ներ՝ Փա­րի­զի «Մկ­նիկ» աշ­խա­տա­նո­ցի տնօ­րէն Ար­մի­նէ Գ­րի­գո­րեան («Ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի եւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի միա­տեղ եւ զու­գա­հեռ շփումն ու զար­գա­ցու­մը») եւ Լի­բա­նա­նի Զմ­մա­ռու Ե­րա­նե­լի Իգ­նա­տիոս Մա­լո­յեան դպրե­վան­քի եւ Ս. Մի­քա­յէլ ըն­ծա­յա­րա­նի ու­սուց­չու­հի Սօ­սէ Փի­լաւ­ճեան («­Մի­թէ վեր­ջին պոէտն եմ ես». Մայ­րե­նին ա­նա­ղարտ պա­հել»):

Ե.Պ.Հ. հա­յոց լե­զո­ւի ամ­պիո­նի աս­փի­րանդ Մայ­րա­նուշ Շա­հու­մեան անդ­րա­դար­ձաւ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի եւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի մեր­ձեց­ման ու միա­ւոր­ման վե­րա­բե­րեալ տար­բեր լե­զո­ւա­բան­նե­րու մօ­տե­ցում­նե­րուն, բա­նա­վէ­ճե­րուն ու կար­ծիք­նե­րուն՝ մաս­նա­ւո­րա­պէս խնդի­րին վե­րա­բե­րեալ Հր. Ա­ճա­ռեա­նի աշ­խա­տու­թիւն­նե­րուն մէջ տեղ գտած ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րուն ու ար­ծար­ծում­նե­րուն: Զե­կու­ցում­նե­րու շար­քը եզ­րա­փա­կո­ւե­ցաւ Գ.Ա.Ա.ի լե­զո­ւի հիմ­նար­կի գի­տաշ­խա­տող Ա­նա­հիտ Քար­տա­շեա­նի «­Դի­տար­կում­ներ ար­դի ա­րեւմ­տա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ գոր­ծա­ռո­ւող անձ­նա­նուն­նե­րի վե­րա­բե­րեալ» հե­տա­զօ­տու­թեան ներ­կա­յաց­մամբ:

Հա­մա­ժո­ղո­վի աշ­խա­տանք­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ ամ­փո­փիչ խօս­քով հան­դէս ե­կան եւ ի­րենց տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, դի­տո­ղու­թիւն­ներն ու ա­ռա­ջարկ­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին Սու­րէն Դա­նիէ­լեան, Հիլ­տա Փա­նո­սեան-­Գալ­ֆա­յեան, Ն­շան Որ­բե­րեան, Յա­կոբ Պա­լեան, Ժի­րայր Չո­լա­քեան, Մա­նո­ւէլ Ա­դա­մեան եւ այլն:

Մաս­նա­կից­նե­րուն հար­ցում­նե­րուն պա­տաս­խա­նե­ցին սփիւռ­քի նա­խա­րա­րի տե­ղա­կալ Սերժ Ս­րա­պիո­նեան եւ Հր. Ա­ճա­ռեա­նի ա­նո­ւան լե­զո­ւի հիմ­նար­կի տնօ­րէն Վիկ­տոր Կա­տո­ւա­լեան:

Ամ­փո­փիչ խօս­քով հան­դէս ե­կաւ սփիւռ­քի նա­խա­րար Հ­րա­նոյշ Յա­կո­բեան, որ ող­ջու­նե­լի նկա­տեց հա­մա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին ար­տա­յայ­տո­ւած միտ­քե­րը, ներ­կա­յա­ցո­ւած ա­ռա­ջարկ­նե­րը։