Աւելի յարմարաւէտ Երեւան ունենալու միտող ծրագիրներու ծիրին մէջ 2013ին մայրաքաղաքին մէջ սկիզբ առաւ նաեւ թեքահարթակներու կառուցման գործընթաց: Ծրագիրը, ըստ էութեան, աննախադէպ էր ու վաղուց սպասուած: Քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան պատասխանատուներուն յանձնարարած է համագոր ծակցիլ շահագրգիռ հասարակական կազմակերպութիւններու հետ՝ ծրագիրին մէջ ներառելով անոնց առաջարկներն ու դիտարկումները: Բնակչութեան սակաւաշարժ խումբերուն համար առաւել մատչելի ու յարմարաւէտ միջավայրի ապահովման միտող ծրագիրի մասնակիցն ու գործընկերը դարձան ո՛չ միայն շահագրգիռ հասարակական կազմակերպութիւնները, այլեւ մասնաւոր ընկերութիւնները: Այս մասին կը յայտնէ Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը:Ծրագիրի մեկնարկէն մինչեւ օրս մայրաքաղաքին մէջ արդէն կառուցուած է շուրջ 1600 թեքահարթակ: Երեւանի համաչափ զարգացման պարունակին մէջ այս ծրագիրը կ՛իրականացուի նաեւ մայրաքաղաքի տարբեր վարչական շրջաններուն մէջ: Աւելի՛ն, քաղաքաշինական որեւէ նոր ծրագիր իրականացնելու ատեն մատչելիութեան ապահովումը, Երեւանի քաղաքապետի յանձնարարութեամբ, որպէս պարտադիր պայման ճշդուած է: