Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի տե­ղա­կալ Ար­մի­նէ Ա­լեք­սա­նեան ըն­դու­նեց Կար­միր Խա­չի մի­ջազ­գա­յին խոր­հուր­դի ա­ռա­քե­լու­թեան Ս­տե­փա­նա­կեր­տի գրա­սե­նեա­կի ղե­կա­վար Թո­մաս Հա­լիէն եւ կազ­մա­կեր­պու­թեան շրջա­նա­յին մաս­նա­գէտ­ներ Մա­րիա Մի­քե­լի­տէն եւ Զու­րապ Պուր­տու­լին:

Հան­դի­պու­մի ըն­թաց­քին քննար­կո­ւե­ցան ան­հե­տա­ցած­նե­րու ճա­կա­տա­գի­րի բա­ցա­յայտ­ման հետ առն­չո­ւող հար­ցեր: Կող­մե­րը ընդգ­ծե­ցին, որ խնդի­րը կը կրէ բա­ցա­ռա­պէս մար­դա­սի­րա­կան բնոյթ եւ «անհ­րա­ժեշտ է բա­ցա­ռել ա­տի­կա քա­ղա­քա­կան շա­հար­կում­նե­րու ա­ռար­կայ դարձ­նե­լու ո­րե­ւէ փորձ»: