Դի­լի­ջա­նի Մի­ջազ­գա­յին Դպրո­ցը (UWC Dilijan College) ար­ժա­նա­ցած է մի­ջազ­գա­յին հե­ղի­նա­կա­ւոր International Property Awardsի մրցա­նա­կին՝ «­Հան­րա­յին Ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու Զար­գա­ցում» հան­գա­ման­քին մէջ (Public Services Development):

«­Հա­յաս­տա­նի Զար­գաց­ման Նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ» (IDeA) հիմ­նադ­րա­մի հան­րա­յին կա­պե­րու բա­ժի­նի փո­խան­ցու­մով՝ այս դա­սին մէջ հա­շո­ւի կ­՝առ­նո­ւին այն­պի­սի չա­փո­րո­շիչ­ներ, ինչ­պէս շի­նա­րա­րու­թեան ո­րա­կը, հա­մա­կար­գի են­թա­կա­ռու­ցո­ւածք­նե­րու տե­ղա­բաշ­խո­ւա­ծու­թիւ­նը, շէն­քի դիր­քը, ճար­տա­րա­պե­տա­կան եւ նա­խագ­ծա­յին լու­ծում­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ «կա­նաչ» ճար­տա­րա­գի­տու­թիւն­նե­րու կի­րա­ռու­թիւ­նը:

International Property Awardsի փոր­ձա­գէտ­նե­րուն կող­մէ յա­տուկ ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նա­ցած է կա­ռոյ­ցի ճար­տա­րա­պե­տա­կան հա­յե­ցա­կար­գը. բարձր կը գնա­հա­տո­ւին այն նա­խա­գի­ծե­րը, ո­րոնք կը միա­ւո­րեն գե­ղա­գի­տա­կան տեսքն ու շա­հա­գործ­ման յար­մա­րա­ւէ­տու­թիւ­նը:

­Դափ­նե­կիր­նե­րու պար­գե­ւատր­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ այս տա­րո­ւան ­Սեպ­տեմ­բեր 22ին, ­Լոն­տո­նի մէջ։ UWC Dilijan Collegeը Ա.Պ.Հ. տա­րած­քին ա­ռա­ջին շի­նու­թիւնն է, որ բնա­կան շի­նա­րա­րու­թեան չա­փա­նիշ­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խա­նու­թիւ­նը փաս­տող՝ BREEAM-ի հա­ւաս­տա­գի­րի ար­ժա­նա­ցած է: Այս տա­րի UWC ­Դի­լի­ջան քո­լէ­ճի շէն­քի նա­խա­գի­ծը յաղ­թող ճանչ­ցո­ւած է նաեւ IGRA կազ­մա­կեր­պու­թեան «­Կա­նաչ Տա­նիք Ա­ռաջ­նոր­դու­թեան Մի­ջազ­գա­յին Մրցա­նակ»ի (Green Roof Leadership Awards)՝ «Trendsetting Architecture» («Ուղ­ղու­թիւն Ստեղ­ծող Ճար­տա­րա­պե­տու­թիւն») ա­նո­ւա­նա­կար­գին մէջ:

International Property Awardsը հիմ­նադ­րո­ւած է 1995 թո­ւա­կա­նին, ներ­կա­յիս մի­ջազ­գա­յին ա­մե­նա­հե­ղի­նա­կա­ւոր մրցա­նակ­նե­րէն մէկն է, որ կը շնոր­հո­ւի բնա­կե­լի, հա­սա­րա­կա­կան եւ ա­ռեւտ­րա­կան ան­շարժ գոյ­քի ո­լոր­տին մէջ:

­Դի­լի­ջա­նի մի­ջազ­գա­յին դպրո­ցը (DIS) բա­րե­գոր­ծա­կան մաս­նա­ւոր նա­խա­գիծ է, զոր նա­խա­ձեռ­նած է Sberbank CIBի հա­մա­ղե­կա­վար ­Ռու­բէն ­Վար­դա­նեա­ն։ ­Նա­խա­գի­ծի ընդ­հա­նուր ար­ժէ­քը կը կազ­մէ 150 մի­լիոն տո­լար։ Դպ­րո­ցը նա­խա­տե­սո­ւած է տար­բեր եր­կիր­ներ ներ­կա­յաց­նող 650 ա­շա­կերտ­նե­րու եւ 60 ու­սու­ցիչ­նե­րու հա­մար։ Դպ­րո­ցի շրջա­նա­ւարտ­նե­րը կը ստա­նան մի­ջազ­գա­յին պա­քա­լո­րիա­յի վկա­յա­կան։

2013 թուի ­Հոկ­տեմ­բե­րի ­Դի­լի­ջա­նին մի­ջազ­գա­յին դպրո­ցը դար­ձած է «Աշ­խար­հի Միա­ցեալ Քո­լէճ­ներ» կրթա­կան ցան­ցի (United World Colleges-UWC) լիի­րաւ ան­դամ եւ կո­չո­ւած է UWC Dilijan, իսկ ­Նո­յեմ­բե­րին դպրո­ցը ստա­ցած է IB World School (International Baccalaureate – ­մի­ջազ­գա­յին պա­քա­լո­րիա) կար­գա­վի­ճա­կը։