Հա­յաս­տա­նի, Եւ­րո­պա­յի, Ռու­սաս­տա­նի Դաշ­նու­թեան բազ­մա­թիւ բնա­կա­վայ­րե­րու մէջ ծա­ծա­նած 100 մեթր եր­կայն­քով Հա­յոց Ե­ռա­գոյ­նը, որ նո­ւի­րո­ւած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին, պի­տի ծա­ծա­նի նաեւ Ա­րա­րա­տի գա­գա­թին: Այս մա­սին, ըստ Artsakhpress.amի, կը յայտ­նէ «­Տիգ­րան Մեծ» Բա­րե­գոր­ծա­կան Հիմ­նադ­րա­մի նա­խա­գահ, նա­խա­ձեռ­նու­թեան հե­ղի­նակ Ս­րա­պիոն Գէոր­գեան` Ա­րա­րա­տի մա­տոյց­նե­րէն:

Միա­ժա­մա­նակ, Ա­րա­րա­տի գա­գա­թին Գա­գիկ Գի­նո­սեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ շուրջ­պար պի­տի բռնէ «­Կա­րին» պա­րա­խում­բը: Տո­ւեալ պա­հուն ուխտագնա­ցու­թեամբ Ա­րեւմ­տեան Հա­յաս­տան մեկ­նած հա­յոր­դի­նե­րու խում­բը կը յաղ­թա­հա­րէ Ա­րա­րատ լե­րան 5165 մեթր բարձ­րուն­քը: