2010 թուականէն «Հայաստանի կինոլոկներու (շուներու վարժութեամբ զբաղող մասնագէտ) միութիւն»ը տարին երկու անգամ կը կազմակերպէ շուներու միջազգային ցուցահանդէս: Այս տարի ան կ’իրականացուի Նոյեմբեր 20ին: Կը ներկայացուի շուներու մօտ 30 ցեղատեսակ, որոնց շարքին նաեւ‘ հայկական գամփռը:


Ըստ էութեան, ասիկա շուներու գեղեցկութեան մրցոյթ է. ներկայացուած շուներէն ամենագեղեցիկը ընտրելու ժամանակ հաշուի կ’առնուի հասակը, կշիռը, ակռաներու ճիշդ կառուցուածքը եւ այլն:
Միջազգային դատական կազմը մրցոյթին մասնակցող շուներէն կ’ընտրէ լաւագոյն չորսը, որոնք կը պարգեւատրուին պատուոյ գիրերով:
ՀՀ կինոլոկիական, կինոլոկիական-մարզական միութեան նախագահ Վիոլեթա Գաբրիէլեանի խօսքով‘ հայկական գամփռը մեր ազգային մակնիշն է, հարստութիւնը, ինչպէս, օրինակ, Վանայ կատուն:
Հայկական գամփռը գիտնականներու համար մեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ: Նոյնիսկ թքի եւ ՏՆԹ-ի ստուգումները չեն կրնար ճշգրիտ ըսել, թէ ցեղատեսակը երբ ի յայտ եկած է: Ներկայիս Կինոլոկիական միութիւնը կը փորձէ հաշուառել Հայաստանի մէջ ապրող գամփռները եւ բուծարաններու մէջ աւելցնել անոնց քանակը: