Վեր­ջին օ­րե­րուն սահ­ման­նե­րուն վրայ լա­րո­ւա­ծու­թիւն կայ, կրա­կոց­նե­րու թի­ւը ա­ւել­ցած է, հա­կա­ռա­կոր­դը ոչ միայն Ար­ցա­խի, այլ նաեւ Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նա­մերձ բնա­կա­վայ­րե­րուն ուղ­ղու­թեամբ կը կրա­կէ, նաեւ՝ օգ­տա­գոր­ծե­լով խո­շոր տրա­մա­չա­փի հրա­սանդ­ներ: Այս մա­սին լրագ­րող­նե­րուն յայտ­նած է պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­ րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան` հա­կա­ռա­կոր­դին աշ­խու­ժու­թիւ­նը բա­ցատ­րե­լով քա­նի մը տար­բեր հան­գա­մանք­նե­րով: «­Լա­րո­ւա­ծու­թեան վրայ կ­՛ազ­դեն ներ-քա­ղա­քա­կան, շրջա­նա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին զար­գա­ցում­նե­րը, նաեւ՝ հա­կա­ռա­կոր­դին մօտ ներ-քա­ղա­քա­կան եւ ներ-տնտե­սա­կան կարգ մը պայ­ման­նե­րը»,- ը­սաւ Սէյ­րան Օ­հա­նեան:

Դի­մե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դին` նա­խա­րա­րը կոչ ուղ­ղեց վստահ ըլ­լա­լու, որ հայ­կա­կան բա­նա­կը կա­տա­րած է եւ պի­տի կա­տա­րէ իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը` ա­պա­հո­վե­լու հա­րա­զատ­նե­րուն խա­ղա­ղու­թիւ­նը:

«Ի­րա­վի­ճա­կը թէ՛ Ար­ցա­խի, եւ թէ՛ Հա­յաս­տա­նի սահ­ման­նե­րուն վրայ կը վե­րահս­կո­ւի հայ­կա­կան ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րուն կող­մէ: Այ­սօր հայ զի­նո­ւո­րը ու­նի բարձր մար­տա­կան ո­գի, հայ­կա­կան բո­լոր ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րը օժ­տո­ւած են հա­մա­պա­տաս­խան բա­րո­յա­հո­գե­բա­նա­կան վի­ճա­կով, եւ ի­րենց ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը կ­՛ի­րա­կա­նաց­նեն»,- ը­սաւ Սէյ­րան Օ­հա­նեան: