Հայաստանի Հանրապետութեան նոր սահմանադրութեան առաջինէն մինչեւ 7րդ գլուխներու նախագիծին առնչութեամբ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցի մը մէջ, յայտարարած է.-«Մենք տակաւին կը քննարկենք ատիկա, առանձին հատուած ներու, պարբերութիւններու, ձեւակերպումներու վերաբերեալ մենք խնդիրներ ունինք, բայց հիմնականին մէջ, սկզբունքային առումով, այո՛, կը հաւատանք, որ մեր տեսակէտը յաղթած է»:
Սահմանադրական բարեփոխումներու նախաձեռնումէն ետք, ընդդիմադիր Դաշնակցութիւնը առաջարկներ ներկայացնող ամէնէն գործուն ուժերէն էր: Ըստ Հրանդ Մարգարեանի՝ հայեցակարգէն նախագիծ դառնալու ընթացքին, Դաշնակցութեան սկզբունքային առաջարկները ընդունուած են:
Սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգին վերաբերեալ Հ.Յ.Դ.ի ներկայացուցած առաջարկներուն մէջ գրուած է.-«Պէտք է բացառել Ազգային Ժողովին մէջ արհեստական մեծամասնութեան ձեւաւորումը, օրինակ` ընտրական համակարգով առաւելութիւններ նախատեսելու տարբերակը»:
Նախագահին կից սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբին մշակած նախագիծին մէջ, կը խօսուի Ազգային Ժողովին մէջ կայուն մեծամասնութեան անհրաժեշտութեան մասին, ընդ որում՝ առաջին հանգրուանին չձեւաւորուելու պարագային, երկրորդ հանգրուան կը նախատեսուի:
Այս ձեւակերպումը արդեօք չի՞ հակասեր Դաշնակցութեան առաջարկին, հարցումին՝ Հ. Մարգարեան պատասխանած է.-«Ո՛չ, չի հակասեր: Կայունը չի նշանակեր արհեստական մեծամասնութիւն: Աւելի՛ն, կը խորհիմ, որ այս ձեւակերպումը կը բացառէ որեւէ ուժի միահեծան ղեկավարման յաւակնութիւնը: Կայունը կը նշանակէ, որ ըստ էութեան, սկզբունքը նոյնը կը մնայ, այսինքն` համաձայնական դաշինքներու կազմութեան կարելիութիւն կը ստեղծուի: Եթէ երկրորդ հանգրուանը անպատեհութիւն ունի, իրականութեան մէջ ատիկա անպատեհութիւն է այն ուժին համար, որ համեմատական մեծամասնութիւն բերած է, այսինքն` 45 առ հարիւր, 40 առ հարիւր բերած է, որովհետեւ ատիկա կրնայ պատճառ դառնալ, որ միւս բոլորը կարենան համախմբուիլ, մէկ ցուցակով երթալ եւ սեւ ու սպիտակի ընտրութեան վերածուի:
Շատ հաւանական է, որ յաղթանակը երթայ այսպէս ըսուած ընդդիմութեան: Այսինքն` կ՛ուզեմ ըսել, որ երբեք կայունը մտահոգիչ չէ, կայունը երկրին համար նոյնիսկ անհրաժեշտութիւն է, կարեւոր է, որ այդ կայունութիւնը ըլլա՛յ»: