Յու­լիս 24ին Ե­րե­ւա­նի մէջ պի­տի կա­յա­նայ «­Վե­րապ­րած­նե­րը» լու­սան­կար­չա­կան ժո­ղո­վա­ծո­ւի շնոր­հան­դէ­սը: Հա­յե­րէն-անգ­լե­րէն երկ­լե­զու գիր­քը հրա­տա­րա­կո­ւած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ տա­րե­լի­ցին նո­ւի­րո­ւած ձեռ­նարկ­նե­րը հա­մա­կար­գող պե­տա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի եւ տնօ­րի­նու­թեան ամ­բող­ջա­կան ա­ջակ­ցու­թեամբ:

Մէկ տաս­նա­մեա­կի ըն­թաց­քին ստեղ­ծո­ւած «­Վե­րապ­րած­նե­րը» մե­ծա­ծա­ւալ լու­սան­կար­չա­կան պա­տում է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ողջ մնա­ցած­նե­րու մա­սին, որ կ’ընդգր­կէ դի­ման­կար­ներ, ներ­քին կա­հա­ւոր­ման պատ­կեր­ներ, ա­կա­նա­տես­նե­րու վկա­յու­թիւն­ներ եւ ար­խի­ւա­յին լու­սան­կար­ներ: Նա­խա­գի­ծը կ’ընդգ­ծէ լու­սան­կար­չու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը` 1915ը ըն­կա­լե­լու եւ ան­հա­տա­կան ինք­նու­թեան վրայ ա­նոր հե­տե­ւանք­նե­րը ըմբռ­նե­լու գոր­ծի մէջ: Ս­կիզբ առ­նե­լով 2005ին՝ «­Վե­րապ­րած­նե­րը» իր ամ­բող­ջա­կան տես­քով ա­ռա­ջին ան­գամ հան­րու­թեան ներ­կա­յա­ցո­ւած է 2015ի Ապ­րի­լին, Սար­գիս Մու­րա­տեան պատ­կե­րաս­րա­հի մէջ, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ տա­րե­լի­ցին նո­ւի­րո­ւած ձեռ­նարկ­նե­րու ծի­րէն ներս: Տա­րո­ւայ երկ­րորդ կի­սուն, ցու­ցա­հան­դէ­սը պի­տի ներ­կա­յա­ցո­ւի նաեւ Դի­լի­ջա­նի, Գիւմ­րիի եւ Վա­նա­ձո­րի մէջ:

Ծ­րա­գի­րը կ’ամ­փո­փէ «­Վե­րապ­րած­ներ» ժո­ղո­վա­ծուն: Ան կազ­մո­ւած է 40է ա­ւե­լի սեւ-ճեր­մակ եւ գու­նա­ւոր լու­սան­կար­նե­րէ եւ շուրջ 35 վկա­յու­թիւն­նե­րու բա­ցա­ռիկ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րէ, ո­րոնք կը հրա­տա­րա­կո­ւին ա­ռա­ջին ան­գամ: Գիր­քի ծա­ւա­լուն նա­խա­բա­նը հե­ղի­նա­կած է ա­նո­ւա­նի ֆրան­սա­հայ փի­լի­սո­փայ, գրա­կա­նա­գէտ Մարկ Ն­շա­նեան, որ կը մեկ­նա­բա­նէ վե­րապ­րած­նե­րու փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նե­լու, ըմբռ­նե­լու խնդիր­նե­րը:

Գիր­քին խմբա­գի­րը՝ ա­րո­ւես­տա­բան Վի­գէն Գալըս­տեան կը դի­տար­կէ Ար­մե­նա­կեա­նի լու­սան­կար­նե­րու նշա­նա­կու­թիւ­նը, իբ­րեւ ա­ղէ­տի հե­տե­ւանք­նե­րու եւ ներ­կա­յի մի­ջեւ յա­րա­բե­րակ­ցու­թիւն ստեղ­ծող տա­րածք: Իր ձե­ւա­ւոր­ման եւ հա­յե­ցա­կար­գա­յին լու­ծում­նե­րու շնոր­հիւ, «­Վե­րապ­րած­նե­րը» լոկ պատ­կեր­նե­րու ու վկա­յագ­րու­թիւն­նե­րու զե­տե­ղում չէ, այլ պա­տու­մի ու­րոյն ձեւ եւ ա­րո­ւես­տի ինք­նու­րոյն ա­ռար­կայ: Ան կ’ընդ­լայ­նէ լու­սան­կա­րի տե­սո­ղա­կան շրջա­նակ­նե­րը, դառ­նա­լով ա­ղէ­տա­լի ան­ցեա­լի վեր­լու­ծու­թեան, բա­ցա­յայտ­ման եւ յա­րա­բե­րակց­ման մի­ջոց: